Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամին 17․07․2020-21.07.2020թ. ընթացքին ժամը 14։30-ի դրութեամբ կատարուած է շուրջ 160,728,000 ՀՀ դրամի նուիրաբերութիւն։ Այս մասին իր ֆեյսպուքեան էջին յայտնած է ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը:
«Նկարին մէջ կրնաք ծանօթանալ կատարուած նուիրաբերութիւններու յարաբերակցութեան՝ ըստ երկիրներու»,- գրած է Ստեփանեանը: