Ամերիկեան «Foreign Policy» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր անդրադարձած է Թրամբ-Փութին սպասուող հանդիպման, կարծիք յայտնելով, որ եթէ Թրամբ փորձէ ճնշման ենթարկել Փութինը, պահանջելով իրանեան ուժերու հեռացումը Սուրիայէն, ամենայն հաւանականութեամբ վերջինս որեւէ պատասխան պիտի չտայ:
Թերթը, վկայակոչելով բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ վերլուծաբաններու կողմէ հնչած կարծիքը, յայտնած է, թէ Ռուսիա շահագրգռուած չէ իրանեան ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու գաղափարով, սակայն անգամ եթէ այդ ցանկութիւնն ունենայ, ան բաւարար ուժ չունի կիրառելու իր ցանկութիւնը: