Արդէն քանի մը տարի է, ինչ Voskanapat կայքէջն ու անոր ընթերցողները Հայոց բանակի եւ դիրքերու վրայ կանգնած զինուորներու համար օժանդակութիւններ կը հաւաքեն` սարքաւորումներու տեսքով: Այս տարիներու ընթացքին թէ՛ խմբագրութեան եւ թէ՛ անհատ նուիրատուներու ջանքերով Հայրենիքի անվտանգութիւնը հսկող մեր տղաներուն հասած են հարիւրաւոր հեռադիտակներ, որոնք նախատեսուած են թէ՛ գիշերային եւ թէ՛ ցերեկային լուսաւորութեան համար: Ազրպէճանական զօրքերու ամենօրեայ կազմակերպուած յարձակման փորձերու պայմաններու տակ այսօր, օր առաջ անհրաժեշտ է մեծցնել օգնութիւնը` մեր բանակին, եւ նախաձեռնութիւնը կարօտ ունի համահայկական օժանդակության: 13 Յունուարին դիրքեր պէտք է բարձրանայ նոր խումբ՝ նպատակ ունենալով իր հետ տանել 100 հեռադիտակ, թէ՛ գիշերային, եւ թէ՛ ցերեկային դիտման համար նախատեսուած: Այս պահուն արդէն իսկ ամերիկահայ բարերարի մը օգնութեամբ գնուած է 20 հեռադիտակ, 80 հեռադիտակ տակաւին պիտի գնուի: Իւրաքանչյուր հեռադիտակն կ'արժէ 50-60 ԱՄՆ տոլար: Օժանդակութիւններ տանող խումբը 13 Յունուարին պիտի բարձրանայ Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահման՝ ամէնէն վտանգաւոր դիրքերը՝ մեր զինուորներուն եւ սպաներուն յանձնելու այս յոյժ անհրաժեշտ ու կարեւոր իրերը: Ամէն նուիրատուութիւն է ետք ըլլալու է տեսաձայնագրութիւն-հաշուետուութիւն՝ ամէն մէկ նուիրատուի անունով զատ-զատ յանձնելով հեռադիտակները:Այս ծրագրին աջակցիլ փափաքողները կարող են կապ հաստատել «Ոսկանապատ» կայքէջի պատասխանատուներուն հետ, գրելով` voskanapat@gmail.com կամ Arevelk1@gmail.com հասցէներուն: