image

13 Յունուարին Հայ Զինուորներուն Պիտի Տրամադրուի 100 Հեռադիտակ. Անհրաժեշտ Է Իւրաքանչիւրիս Օգնութիւնը

13  Յունուարին  Հայ Զինուորներուն  Պիտի  Տրամադրուի 100 Հեռադիտակ. Անհրաժեշտ Է Իւրաքանչիւրիս Օգնութիւնը

Արդէն  քանի մը  տարի է, ինչ Voskanapat  կայքէջն ու անոր  ընթերցողները Հայոց բանակի եւ  դիրքերու վրայ   կանգնած զինուորներու համար օժանդակութիւններ    կը հաւաքեն` սարքաւորումներու տեսքով: Այս տարիներու ընթացքին թէ՛ խմբագրութեան եւ թէ՛ անհատ նուիրատուներու ջանքերով  Հայրենիքի անվտանգութիւնը հսկող մեր տղաներուն հասած  են հարիւրաւոր հեռադիտակներ, որոնք նախատեսուած են  թէ՛ գիշերային եւ  թէ՛ ցերեկային լուսաւորութեան համար:   Ազրպէճանական զօրքերու  ամենօրեայ կազմակերպուած յարձակման փորձերու  պայմաններու տակ  այսօր,  օր առաջ անհրաժեշտ է մեծցնել օգնութիւնը` մեր բանակին, եւ նախաձեռնութիւնը կարօտ ունի համահայկական օժանդակության:  13 Յունուարին  դիրքեր պէտք է բարձրանայ նոր խումբ՝ նպատակ ունենալով  իր հետ  տանել 100 հեռադիտակ, թէ՛ գիշերային, եւ թէ՛ ցերեկային դիտման  համար նախատեսուած:  Այս պահուն  արդէն իսկ  ամերիկահայ  բարերարի  մը օգնութեամբ գնուած է  20 հեռադիտակ,  80  հեռադիտակ տակաւին պիտի գնուի: Իւրաքանչյուր հեռադիտակն  կ'արժէ  50-60 ԱՄՆ տոլար:   Օժանդակութիւններ  տանող  խումբը 13 Յունուարին  պիտի բարձրանայ Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահման՝ ամէնէն վտանգաւոր դիրքերը՝ մեր զինուորներուն  եւ  սպաներուն յանձնելու  այս յոյժ անհրաժեշտ ու կարեւոր իրերը:  Ամէն նուիրատուութիւն  է ետք ըլլալու է  տեսաձայնագրութիւն-հաշուետուութիւն՝ ամէն մէկ  նուիրատուի անունով զատ-զատ  յանձնելով հեռադիտակները:Այս ծրագրին աջակցիլ փափաքողները  կարող են կապ հաստատել «Ոսկանապատ»  կայքէջի պատասխանատուներուն հետ, գրելով` voskanapat@gmail.com կամ  Arevelk1@gmail.com  հասցէներուն: