image
Հրատապ լուրեր:

12 մայիսի վտանգը մօտալուտ է. «Bloomberg»

12 մայիսի վտանգը մօտալուտ է. «Bloomberg»

«Bloomberg» լրատուական գործակալութիւնը յօդուած մը հրապարակած է, ուր անդրադարձած է Թրամբի կողմէ իրանեան միջուկային համաձայնութենէն հրաժարելու վտանգներուն:

Աղբիւրը նշած է, որ 12 մայիսին Թրամբ պիտի յայտարարէ միջուկային համաձայնութեան չեղարկման վերաբերեալ իր դիրքորոշումը, որուն արդիւնքները պիտի զգան Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմական իրավիճակի մէջ գտնուող երկիրները:

Աղբիւրը մանրամասնած է նաեւ, որ իրանեան նաւթի արտահանման կրճատումն իր ոչ բաղձալի ազդեցութիւնը պիտի թողու այն երկիրներուն վրայ, որոնք Իրանէն նաւթ կը ներմուծեն, մինչդեռ ԱՄՆ պիտի չազդուի, որովհետեւ Իրանէն նաւթ չստանար:

«Bloomberg»ի համոզմամբ, Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու կիրառումը պիտի սահմանափակէ նաեւ վերջինիս մօտ օտարերկրեայ ներդրումներու քանակը, միլիառաւոր տոլարներու վնասներ պտճառելով երկրին: