image

«Խաղաղութեան Մարտիկ» մրցումին Հայաստան գլխաւոր յաղթող

«Խաղաղութեան Մարտիկ» մրցումին Հայաստան գլխաւոր յաղթող

Դիլիջանի Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմամարզական վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաղաղութեան մարտիկ» միջազգային մրցումի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էին պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ զօր. գնդապետ Անտրէյ Քարթափոլով, զինուած ուժերու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ռազմական կցորդներ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը իր խօսքին մէջ նշեց, որ հայկական կողմը, որ երկրորդ տարին ըլլալով կը հիւրընկալէ մրցումը, ամէն ինչ ըրած է այս նախաձեռնութիւնը հետաքրքրական, բովանդակալից եւ յիշարժան դարձնելու համար։

«Նախորդ տարուայ հետ համեմատած՝ ակնառու է մասնակից թիմերի ներկայացուցիչների մասնագիտական պատրաստուածութեան զգալի աճը: Եւ յատկապէս այդ համատեքստում ուրախալի է հայկական թիմի յաղթանակը: Սա Հայաստանի զինուած ուժերի առաջին յաղթանակն է տուեալ մրցոյթում, նաեւ միջազգային բանակային խաղերի շրջանակում», ընդգծեց Տօնոյեան:

«Խաղաղութեան մարտիկ» միջազգային մրցումի անհատական բաժինին մէջ կին զինուորներուն մէջ լաւագոյնը նկատուեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու խումբէն Արմինէ Գրիգորեան, երկրորդ դիրքը գրաւեց Ռուսիա, իսկ երրորդը՝ Յունաստաը։  Տղամարդոց մէջ առաջին դիրքի վրայ է Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Միխայիլ Իվանով, երկրորդ՝ հայ զինուոր Հայկ Գրիգորեան, երրորդ՝ Իրանէն Մազիար Հեյտարի:

Խմբային մրցումներուն երրորդ հանդիսացաւ Ղազախստան, երկրորդ՝ Ռուսիա, իսկ լաւագոյն արդիւնքները ապահովեց Հայաստանի զինուած ուժերու հաւաքականը։

Բոլոր մրցանակակիրները պարգեւատրուեցան բաժակներով, մետալներով եւ նուէրներով։