image

Դատավարութեան ժամանակ մահացած է Եգիպտոսի նախկին նախագահը, որ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած էր

Դատավարութեան ժամանակ մահացած է Եգիպտոսի նախկին նախագահը, որ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած էր

Երէկ մահացած է Եգիպտոսի նախկին նախագահ Մուհամար Մուրսին: ԶԼՄ-ները կը հաղորդեն, որ նախկին նախագահի մահը վրայ հասած է իր իսկ դատավարութեան ժամանակ, երբ Մուրսին ելոյթի իրաւունք  խնդրած է, որմէ ետք սիրտը կանգնած է:

Յիշեցնենք, որ 2012 թուականին Մուրսին յաղթած է նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին եւ երկիրը կառավարած մէկ տարիէն քիչ մը աւելի՝ մինչեւ 2013 թուականի 3 յուլիսին տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջումը, որու հետեւանքով Մուրսիի ռեժիմը տապալուած է: Երկրի ղեկը ստանձնած նոր ղեկավարները Մուրսին ձերբակալած են, անոր մեղադրած են պետական դաւաճանութեան, ինչպէս նաեւ «Իսլամ եղբայրներ» կազմակերպութեան հետ կապեր ունենալու մէջ: 

2016 թուականին Գահիրէի քրէական դատարանը ցմահ ազատազրկման դատապարտած է Մուհամատ Մուրսին: