Ֆրանսայի մէջ 13 յունուարին, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, իր մահկանացուն կնքած է 87-ամեայ Թերեզ Մուրատեանը:
Հանգուցեալը մայրն էր Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Արհ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանին:
Թերեզ Մուրատեանը ծնած է Լիբանան, 18 հոկտեմբեր 1931-ին:Հանգուցեալը մայր էր վեց զաւակներու ՝ երեք որդի եւ երեք դուստր: Զաւակներէն երկուքը նուիրեց Աստուծոյ ծառայութեան՝ Արհ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանը եւ Անարատ Յղութեան միաբանութեան անդամ ք. Յակինթա Մուրատեանը:
Զաւակները կը պատմեն, որ Թերեզ Մուրատեանը սրբակեաց, աղօթասէր կին էր, օրինակելի մայր, որ հոգեւոր լաւ դաստիարակութիւն տուած էր իր զաւակներուն:
Աղբիւրը՝ Հայաստանի հայ կաթողիկէ առաջնորդանի պաշտօնական կայք