image

Կոչ կ՚ընենք օգտուելու Ատրպէյճանի պատմական տարածք՝ Զանգեզուրի ճանապարհէն. Ալիեւ

Կոչ կ՚ընենք օգտուելու Ատրպէյճանի պատմական տարածք՝ Զանգեզուրի ճանապարհէն. Ալիեւ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նշած է, որ 10 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութիւնը կը նախատեսէ փոխադրային միջանցքի կառուցում, որ պիտի կապէ Ատրպէյճանը Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ հետ: Այս կապակցութեամբ ան Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան տեսահամաժողովին կոչ ըրած է անդամ երկիրներուն՝ միանալու նախագիծին:

«Ես կ'ուզեմ նշել, որ նոր միջանցքը, որ պիտի անցնի Ատրպէյճանի պատմական տարածքով՝ Զանգեզուրով, եւ Ատրպէյճանի հիմնական մասը պիտի կապէ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան ու Թուրքիոյ հետ, նոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ փոխադրային ոլորտին մէջ: Մենք կը հրաւիրենք ECO անդամ երկիրները՝ օգտուելու Զանգեզուրի միջանցքէն», - աւելցուցած է Ալիեւ: