image

Մեզմէ առ յաւէտ հեռացած՝ Սեւան Ալեքսանտրեանի յիշատակին

Մեզմէ առ յաւէտ հեռացած՝ Սեւան Ալեքսանտրեանի յիշատակին

Օրերս Պէյրութի մէջ «Քորոնա»ի հետեւանքով իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանի ՀՅԴ շրջանակներուն մէջ  յարգուած անուն համարուող Սեւան Ալեքսանտրեան։

 

 Իրաքի մէջ իր աչքերը բացած Սեւան կանուխ տարիքէն անդամագրուած է ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդականի շարքերուն։

 Պատերազմի տարիներուն, ինչպէս իր սերնդակիցներէն շատերը ան մասնակից դարձած է լիբանանահայ գաղութի անվտանգութիւնը կազմակերպելու գործերուն։

  Սեւան գործած է մասնաւորապէս Պէյրութի (Քաղաքի ակումբ) ակումբի շրջանակներուն մէջ, դառնալով ապահովական մարմնի պատասխանատու ներկայացուցիչներէն մին։

 

 Իր աւագ եղբայրներուն՝ Վարանդի,  Մասիսի եւ Շանթի նման Սեւան եւս անմասն չէ մնացած համայնքի մշակութային կեանքէն եւ իր կեանքի ընկերոջ՝ Գարինայի հետ տարած է նաեւ գործունէութիւն մշակութային ծիրէն ներս։

  Լիբանանը հարուածած քաղաքական բարդ օրհասներուն հետեւանքով Սեւան շրջան մը մնացած է ՀՅԴ շարքերէն դուրս, բայց եւ այնպէս ոչ մէկ անգամ կորսնցուցած է իր գաղափարական մարդու ոգիով ապրելու ունակութիւնը ու այդ պատճառով ալ արժանացած է շատ-շատերու յարգանքին եւ համակրանքին։

 

 «Քորոնա»ի հետեւանքով Լիբանանի մէջ ստեղծուած դրութիւնը նաեւ իր հարուածները կը հասցընէ լիբանանահայութեանը եւ Սեւան Ալեքսանտրեանին շիջումը, ցաւալիօրէն աւելիով կը ծանրացնէ մեր հայրենակիցներու ապրած վիշտն ու ցասումը։

 Ճակատագրէն փախուստ չկայ կ՚ըսենք յաճախ ու այդ խօսքին, որպէս մխիթարութիւն կ՚ուզենք յուսալ, որ Սեւանին նման նուիրեալներու շարքերը աւելիով խտանան։

 

 Սեւանի յիշատակը յարգած ըլլալու նպատակով «Արեւելք» իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ գանատահայ մեր հայրենակից, եւ Սեւանի  վաղեմի ընկեր ՝ Ճոն Պալճեանին  յիշատակի խօսքը, ձօնուած՝ Սեւան Ալեքսանտրեանին։

 «Արեւելք»

 

 

 

 Սեւանի յիշատակին

Այո, Սեւանն ալ մահացաւ այս զարհուրելի Corona ժահրին պատճառաւ։ Սեւանը ճանչցած եմ Պէյրութի ՀՄԸՄի քաղաքի ակումբէն ներս, որպես մեր սկաուտապետներէն մին։ Հոգատար բարեսիրտ անձնավորութիւն, որ իր մօտեցումով եւ անկեղծութեամբ կը գրաւէ քեզ։ Աւելի ուշ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն որպես Դաշնակցական պատասխանատու ընկեր նոյն իր հեզ բնաւորութեամբ ու ղեկավարի տուեալներով իր անսահման նուիրուածութիւնը բերաւ մեր գաղութի անվտանգութիւնն ու մեր հայրենակիցներու ապահովելու գործին մէջ։

Ան ծնած էր Պաղտատ 1957-ին, փոքր տարիքին կը կորսնցնէ մայրը։ Հայրը Իրաքի մեջ յարգուած դեղագործ եւ Դաշնակցական պատասխանատու ընկեր մեծ դերակատարութիւն կ՚ունենայ, որպես հակառակորդ կողմերու բանագնաց Մուսթաֆա Պարազանիի եւ նախագահ Սատամ Հուսէյնի միջեւ. Սեւանը օժտուած էր ղեկավարելու և հարցեր լուծելու բնածին կարողութիւնով։ Համեստ բնաւորութեամբ հեզահամբոյր մեր սիրելի ընկերը թունդ Դաշնակցական էր։ Ան քաջ ու անվախ էր։ Անմոռանալի տարիներ էին ։ 1982-ի ամրան Արևմտեան Պեյրութի պաշարումի ընթացքին իր օրուայ ուրախութեան պահն էր երբ հայրս ու մայրս Երեւանեան կեդրոն կ՚այցելէին տունը պատրաստուած ճաշերով և անուշեղեններով ։ Լիբանան այցելութիւններուս ընթացքին ազգականներուս կողքին օդակայանն էր Սեւանը զիս դիմաւորելու համար։ Հաւատարիմ ընկեր էր ։ Նուիրուած միշտ իր Ազգին ու Հայրենիքին ու Հայ Ազգի ազատագրական պայքարին մինչեւ Արցախ ։ Մեր սիրելի ընկերը վերջին ամսուայ ընթացքին կ'երեւի նախախնամութեան արդիւնք կապի մեջ մտաւ իր բոլոր մտերիմ ընկերներուն հետ։ Քարինային հետ ամուսնութեան օրը և հօրը թաղումին միշտ շրջապատուած էր իր անկեղծ գաղափարի ընկերներով։ Բոլորիս անխտիր հարգանքը կը վայելեր մեր սիրելի ընկեր Սեւանը։ իր ամենամեծ ուրախութիւնը իր 4 զաւակներն էին ու թոռները ։ իսկ իր 3 եղբայրները իր կողքին կը մարմնացնէին հայկական աւանդական ընտանիքի լաւագոյն օրինակը ։ Երբ առաջարկեցի Գանատա հաստատուի իր պատասխանը շատ յստակ էր ։ Ես եղբայրներես հեռու չեմ կրնար ապրիլ ։ Տասնեակ տարիներ ՀՅԴ շարքերէն դուրս մնաց , սակայն մնաց միշտ հաւատարիմ ու վերջերս վերընդունուեցաւ արդարօրեն մեր շարքերը ։ Վերքերով Լի ջան ֆետայի ։ Սիրելի աննման հաւատարիմ անկեղծ ընկեր ։ Մենք քեզ երբեք պիտի չմոռանանք ու միշտ պիտի յիշենք ։ Վարձքդ կատար սիրելի, անմոռանալի ընկեր։