Այսօր կեանքէն հեռացած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գլխաւոր հաշուապահ Մարկարիթա Խաչատրեանը: 10 օր պայքարելով «Քորոնա» ժահրի դէմ` այսօր տիկին Խաչատրեանը մահացած է Երեւանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է ՀՀ ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը:
«Կը ցաւակցիմ մեր գործընկերոջ ընտանիքին, հիմնարկի անձնակազմին անժամանակ մահուան կապակցութեամբ:
Մի՛ հաւատաք մոլորեցնողներուն, կրեցէ՛ք դիմակ, պահեցէ՛ք հեռաւորութիւնը, եղէ՛ք առողջ»,- գրած է ան: