image

«Միսս Պոսթըն» մրցոյթի յաղթողը հայուհի է

«Միսս Պոսթըն» մրցոյթի յաղթողը հայուհի է

Պոսթընի մէջ անցած գիշեր աւարտած է «Միսս Պոսթըն» ամենամեայ գեղեցկութեան մրցոյթը, որուն յաղթողը հայուհի է՝ Քրիսթինա Այանեանը:  «Արեւելքի» տեղեկութիւններով, հայուհին ծնված է ԱՄՆ, ան գեղեցկութեան մրցոյթներու կը մասնակցի եօթ տարեկանէն: Յատկանշական է, որ տասը տարեկանին Քրիսթինան ճանչցուած է «Միսս Պոսթըն» մանկապատանեկան մրցոյթի յաղթող, իսկ 2013-ին ստացած է Մասաչուսեթս նահանգի «Միսս արտակարգ անչափահաս-2013» մրցոյթի գլխաւոր թագը: 

Քրիսթինա Այանեանը լաւ կը տիրապետէ հայերէնին, յաճախ կ'այցելէ Հայաստան, ներգրաւուած է համայնքային կեանքին մէջ, իսկ աւելի վաղ աշխատած է ABC հեռուստաընկերութեան մէջ՝ լուսաբանելով Emmy մրցանակաբաշխութիւնը։ Այժմ կը թղթակցի The Armenian Weekly-ին: