image

Կորուստ մը. Հոլանտայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Ալեքսան Խաչատուրեանը

Կորուստ մը. Հոլանտայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Ալեքսան  Խաչատուրեանը

Հալէպահայ  Ալեքսան Խաչատուրեան, երկուշաբթի՝ 6 Յունուար 2020-ին Հոլանտայի մէջ կնքած է իր մահկանացուն:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:

Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի՝ 15 Յունուար, 2020-ին, Հոլանտայի մէջ:

Նշենք, որ 1969-ի ծնունդ Ալեքսան Խաչատուրեանը Սուրիոյ պատերազմին  հետեւանքով վերջին վեց տարիներուն ընտանիքին հետ հաստատուած էր Հոլանտա:

Ալեքսան Խաչատուրեան Հալէպի «Կիլիկիա» հիւրանոցի սեփականատէրն էր: Ան ամուսնացած է Թալին Խաչատուրեանի հետ եւ հայր  երեք զաւակներու՝  Կրիկորի (9 տարեկան), Քրիս (6 տարեկան) եւ Եոհաննէս (3 ամսական):

Իր շրջապատին մէջ յարգուած եւ սիրուած Խաչատուրեանը աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է գաղութային եւ եկեղեցական կեանքէն ներս:

Ան եղած է  ՀՅԴ  եւ  ՀՄԸՄ-ի անդամ,  կարեւոր ներդրում ունեցած  է  Հայկական ոսկերչական միութեան գործունէութեան  ընդհանուր  դաշտին մէջ։  

 Խաչատուրեանի  անակնկալ    հիւանդութիւնն ու մահը մեծ  վիշտ  պատճառած են անոր մեծ  ու փոքր ընտանիքներուն։