image
Հրատապ լուրեր:

Հոգեհանգստեան պաշտօն ի յիշատակ Տ. Յովսէփ քհնյ. Պետոյեանի եւ անոր հօր՝ Հաննա Պետոյի

Հոգեհանգստեան պաշտօն ի յիշատակ Տ. Յովսէփ քհնյ. Պետոյեանի եւ անոր հօր՝ Հաննա Պետոյի

Կիրակի 17 նոյեմբեր 2019-ի առաւտեան ժամը 11:00ին սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցոյց տեղւոյն ժողովրդապետ գերապատիւ Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեան, առընթերակայութեամբ փոխ ժողովրդապետ՝ Տէր Կոմիտաս քհն. Դաւէեանի, մասնակցութեամբ Թեմի սարկաւագներուն, Սրբոց Հրեշտակապետաց Միացեալ Հոգեւոր Ճեմարանի ժառանգաւորներուն եւ դպրաց դասին: Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը մասնակցեցաւ սուրբ եւ անմահ Պատարագին յարգանքի տուրք մատուցանելու ահաբեկիբչներու ձեռքով նահատակուած  Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Տէր Յովսէփ քհն. Պետոյեանի եւ անոր հօր Հաննա Պետոյեանի հոգիներուն հանգիստին: Հայր սուրբը իր պատգամին մէջ վեր առաւ նահատակ հօր առաքինութիւնները՝ ծառայասիրութիւնը, հնազանդութիւնն ու իր ժողովուրդին հոգիներուն ամբողջական նուիրուածութիւնը: Ան կոչ ուղղեց իւրաքանչիւր քրիստոնեայի եւ մանաւանդ հայուն հաւատարիմ մնալու պապենական հաւատքի սկզբունքներուն եւ շարունակելու համայն աշխարհի դիմաց վկայելու ճշմարիտին՝ Քրիստոսի խօսքերուն ու վարդապետութեան: Ան անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ ունեցած քաղաքական միջամտութիւններուն, որոնք կը ծառայեն ի շահ խաւարային իշխանութիւններուն ու յաճախ վտանգի կը մատնեն քրիստոնեայ եւ հայ համայնքները: Բոլոր ներկաները աղօթք բարձրացուցին Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Միջին արեւելքի խաղաղութեան համար: Պատարագէն ետք ցաւակցութիւնները ընդունուեցաւ առաջնորդարանի դահլիճէն ներս:

Յիշենք, որ Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ բոլոր եկեղեցիներէն ներս սուրբ եւ անմահ Պատարագի աւարտին կատարուեցան հոգեհանգստեան պաշտօններ:

«Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»: