ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան աջակցութեամբ, «Սուրիահայերու միութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը եւ Վրաստանի հայ կանանց «Շուշանիկ» միութիւնը` 20 հոկտեմբերին Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կրթամշակութային կեդրոնէն ներս պիտի իրականացնեն սուրիահայ վարպետներու ձեռարուեստի «Սուրիահայ արուեստի ծիլը» խորագրով ցուցահանդէս:
Կը ներկայացուին սուրիահայ 20 վարպետներու արուեստի եւ արհեստի աշխատանքներ՝ արծաթագործութիւն, ասեղնագործութիւն, քաղցրաւէնիք, կարուձեւ, ուլունագործութիւն եւ այլն։
Վիրահայոց թեմի, Վրաստանի հայ կանանց «Շուշանիկ» միութեան եւ «Սուրիահայերու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան համագործակցութիւնը մեկնարկած է 2017 թուականին եւ համայնքներու միջեւ առկայ մշակութային կապերը ամրապնդելու հեռանկարներ ունի:
Ցուցահանդէսի հիմնական նպատակն է նպաստել հայկական ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան հանրահռչակման եւ ժողովրդական վարպետներու ստեղծագործական գործունէութեան խթանման, որու արդիւնքով կը կստեղծուին վարպետներու փորձի փոխանակման եւ ստեղծարարութեան նոր հնարաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ պայմաններ` միջհամայնքային մշակութային կապերու ու յետագայ համագործակցութեան զարգացման համար: