image

Թրամփ տեղի տուաւ թրքական ճնշումներուն՝ չճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Յարութ Սասունեան

Թրամփ տեղի տուաւ թրքական ճնշումներուն՝ չճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Յարութ Սասունեան

Ամէն տարի հայերն ու թուրքերը շունչերնին բռնած կը սպասեն, որ տեսնեն՝ արդեօք Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր ամէնամեայ ապրիլ քսանչորսեայ ուղերձին մէջ պիտի օգտագործէ՞ «ցեղասապանութիւն» բառը, հայերու զանգուածային ջարդերը նկարագրելու համար:

Սակայն անոնք կարծես թէ կը մոռնան, որ Միացեալ Նահանգներ ոչ միայն ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլեւ այդպէս ըրած է բազմիցս, ամենէն բարձր մակարդակներու վրայ. Ներկայացուցիչներու պալատը երկու անգամ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, 1975 եւ 1984 թուականներուն: Նոյն բանը ըրած է նախագահ Ռեկըն՝ 1981-ի Ապրիլ 22-ին, իր նախագահական թիւ 4838 հռչակագրով: Իսկ ամէնէն կարեւորը, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարան (Միջազգային Դատարան) ներկայացուցած իր զեկույցին մէջ, 1951-ին:  

Հետեւաբար, այս բոլոր ճանաչումներէն ետք, ինչպէս որ ես բազմիցս նշած եմ իմ խմբագրականներուս մէջ, հայերը այլեւս ճանաչման լրացուցիչ կարիքը չունին Միացեալ Նահանգներու նախագահի կամ Գոնկրեսի կողմէ:

Այս տարի շատերը հետաքրքուած էին, թէ արդեօք Թրամփ ընդհանրապէս հանդէս կու գա՞յ ուղերձով Ապրիլ 24-ի կապակցութեամբ եւ արդեօք կ՛օգտագործէ՞ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը: Այն բանէն ետք, երբ 84 գոնկրեսականներ համատեղ նամակով դիմեցին Թրամփի, եւ Քալիֆորնիայէն Մայք Սարեանի նման անհատներ, որոնք կապուեցան Թրամփի վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ՝ յորդորելով նախագահին ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Սպիտակ Տունը Ապրիլ 24-ին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, հրաժարելով զայն անուանել «ցեղասպանութիւն»:  

Լաւ լուրը այն է, որ հաշուի առնելով Թրամփի՝ հայկական հարցերուն ծանօթ չըլլալու եւ որեւէ քարոզչական խոստում չտալու հանգամանքը, Թրամփի վարչակազմը ամբողջութեամբ չանտեսեց Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցը եւ այս յատուկ օրը նշեց յայտարարութեամբ, ինչպէս ըրած են նախորդ քանի մը նախագահները: Թրամփի յայտարարութեան մէջ նշուած են Ցեղասպանութեան հիմնական փաստերը՝ հայերու զանգուածային ջարդերը ներկայացնելով որպէս «20-րդ դարու զանգուածային վատթարագոյն վայրագութիւններէն մէկը: Օսմանեան կայսրութեան գոյութեան վերջին տարիներուն՝ 1915 թուականէն սկսեալ, մէկուկէս միլիոն հայեր զոհ գացած են տեղահանութիւններուն, կոտորածներուն կամ մահուան երթերուն»: 

Մինչ հայերը հիասթափուած են, որ Թրամփ խուսափեցաւ օգտագործելէ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը, թուրքերը ցնծալու ոչ մէկ պատճառ ունին: Ընդհակառակն, անոնք պէտք է ամչնան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը իրենց նախնիները կը մեղադրէ «20-րդ դարու զանգուածային վատթարագոյն վայրագութիւններէն մէկը» իրագործած ըլլալու յանցանքով եւ կը յիշատակէ մէկուկէս միլիոն հայերու ջարդը, զոր թրքական կառավարութիւնը կը ժխտէ մինչեւ օրս...

Այնուամենայնիւ, վատ լուրը այն է, որ Թրամփ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, ըստ որուն Հայոց Ցեղասպանութիւնը չի ճանչնար որպէս ցեղասպանութիւն: Թրամփի օգնականները պարզապէս ընդօրինակած էին այն գրութիւնները, որոնցմով հանդէս եկած էր Օպաման՝ ութ տարի շարունակ, եւ անկէ առաջ նախագահներ Պուշ եւ Քլինթըն՝ ատոնց շարքին յիշատակելով «Մեծ Եղեռն» եզրը, որ հայերէն բացի ոչ ոք կը հասկնայ, եւ ըստ միջազգային օրէնքի՝ իրաւական նշանակութիւն չունի՝ ինչպէս genocide եզրը կամ հայերէնով նոյն՝ «ցեղասպանութիւն» բառը: «Մեծ Եղեռն»ի կիրառումը սոսկ խորամանկ հնարք է խուսափելու համար «ցեղասպանութիւն» բառէն:

Նախապէս ես այն դիրքորոշումը ունէի, որ եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը չի կրնար ճանչնալ ցեղասպանութիւնը, ապա ան պէտք չէ վիրաւորէ հայ զոհերու յիշատակը եւ ամերիկահայերու բանականութիւնը (intellect), զայն յիշատակելով որպէս «ողբերգութիւն» եւ «վայրագութիւններ»: Երբ Թրամփի մամուլի խօսնակ Շան Սփայսըրի հարցուցին Սպիտակ Տան ապրիլ քսանչորսեայ ուղերձին մէջ ցեղասպանութիւն եզրի բացակայութեան մասին, ան շնականօրէն պատասխանեց, որ «այդ համահունչ է այն լեզուին, որ կրկին ու կրկին կիրառուած է [նախկին նախագահներու կողմէ]»: Ապշեցուցիչ է, որ Թրամփ, որ միշտ կը հպարտանայ իր անկախ միտքերը բարձրաձայնելով եւ խստօրէն կը քննադատէ նախորդ նախագահներու թերութիւնները, յանկարծ ինքզինք հպարտ կը զգայ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին անոնց անընդունելի գրաքննութեան հետեւելուն համար...: Թրամփ զայրացուցած է բազմաթիւ մարդոց՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին, երբ այս ամսուան սկիզբը Թուրքիոյ մէջ կայացած հանրաքուէէն ետք զանգահարած եւ շնորհաւորած է Էրտողանը` կեղծուած ընտրութեան առիթով, ինչ որ ընդլայնած է Էրտողանի բռնատիրական լիազօրութիւնները...: Թրամփ կը նախատեսէ ընդունիլ Էրտողանը Սպիտակ Տան մէջ,  այս տարուան Մայիսին...

Ես լիովին համաձայն եմ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Ամերիկայի հայկական համագումարի արձագանգներուն հետ Թրամփի յայտարարութեան վերաբերեալ: Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտարարած է. «Նախագահ Թրամփ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտելու եւ յիշատակելու ամերիկեան քաղաքականութեան փոխարէն ընտրած է Անգարայի` «բերանը փակելու» քաղաքականութիւնը: Չկարողանալով Ապրիլ 24-ին պատշաճ կերպով յարգել զոհերու յիշատակը՝ Թրամփ փաստօրէն ցեղասպանութիւններու կանխումին ուղղուած Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը յանձնեց Ռեճեփ Էրտողանի ձեռքը՝ մեծամիտ ու ինքնիշխան բռնապետին, որ հրապարակաւ կ՛ոլորէ Ամերիկայի նախագահներու ձեռքերը` ստիպելով լռել միլիոնաւոր հայերու, յոյներու, ասորիներու եւ Թուրքիոյ միւս քրիստոնեաներու զանգուածային սպանութիւններու մասին»: Ամերիկայի Հայկական Համագումարը յայտարարած է. «Նախագահին ուղերձը չկրցաւ կանգնիլ յանուն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, այդ կը հակասէ ամերիկեան արժէքներուն եւ կը  ներկայացնէ միեւնոյն անձնատուութիւնը թրքական բռնապետութեան առջեւ, որ շատ աւելի մարդկային կեանքեր կ՛արժէ»: 

Ամերիկայի հայ համայնքի վաղեմի աջակից, գոնկրեսական Էտըմ Շիֆ եւս հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ դատապարտելով Թրամփի ուղերձին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրի բացակայութիւնը. «Այսօր մենք հերթական հիասթափութիւնը ունեցանք եւս մէկ նախագահէ, որ հրաժարեցաւ 1915-1923 թուականներուն մէկուկէս միլիոն հայերու սպանութիւնը ճանչնալ որպէս ցեղասպանութիւն, այնպէս, ինչպէս որ  եղած է: Նախագահ Թրամփ միացաւ երկար ցանկին հանրապետական եւ դեմոկրատական այն նախագահներու, որոնք չէին ցանկար առճակատման երթալ Թուրքիոյ հետ, եւ հրաժարելով այդ արարքէն, ան Միացեալ Նահանգները կրկին մաս դարձուց ժխտողական արշաւի: Ի՞նչ բարոյական իրաւունքով կրնանք խօսիլ ԻԼԻՀ-ի ցեղասպանական արշաւի մասին, ընդդէմ կրօնական փոքրամասնութիւններու՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, եթէ չենք ցանկար դատապարտել անցեալ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Եթե նախագահը չի բարձրաձայներ այդ մասին, ապա այդ պէտք է ընէ Գոնկրեսը, եւ ես կը միանամ իմ գործընկերներուս՝ հանրապետականներուն եւ դեմոկրատականներուն՝ կոչ ընելով Գոնկրեսին ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւը»:

Գոնկրեսական Շիֆի նկատմամբ ունեցած ամբողջ յարգանքովը հանդերձ, ամերիկահայ համայնքը կարիք չունի Ներկայացուցիչներու Պալատի եւս մէկ բանաձեւի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, 1975 եւ 1984 թուականներուն արդէն իսկ ընդունուած երկու բանաձեւերու կողքին: Հայ ժողովուրդի միակ պահանջը արդարութիւնն է՝ իր վիթխարի կորուստներուն հատուցումը, անհատական եւ համայնքային բռնագրաւուած ունեցուածքի վերադարձը եւ բռնի խլուած հայկական տարածքներու ազատագրումը: Ահա թէ ինչ պէտք է պահանջէ Ներկայացուցիչներու Պալատի յաջորդ բանաձեւը, այլ ոչ թէ ցեղասպանութեան ճանաչումը: 

Վերջապէս, ես շատ ուրախ եմ, որ «Ուիքիլիքս»ը Ապրիլ 24-ին իր թուիթըրեան էջի 4.6 միլիոն հետեւորդներու ուշադրութեան ներկայացուցած էր իմ նախորդ յօդուածներէս մէկը՝ անցեալ տարուան նախագահական ընտրութիւններէն առաջ Հիլըրի Քլինթընի կողմէ իր քարոզչութեան գլխաւոր օգնականներուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յայտարարութեամբ հանդէս գալու առաջարկը մերժելու մասին:

 

Յարութ Սասունեան

 

 «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան