Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի Սուրբ Զատկուան պատգամը
«Մի՛ վախնաք, այստեղ չէ, այլ Յարութիւն առաւ»։
Մարկոսի Աւետարանի 16-րդ գլխուն 6-րդ համարէն քաղուած այս բառերը, դարերու խորքէն արձագանգող յիշեցումն է մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի յաղթանակող Յարութեան այն խոր ճշմարտութեան, թէ մեր Տէրը խաչուեցաւ, թաղուեցաւ. սակայն գերեզմանի մէջ չմնաց։ Փառք Ամենակալին ու Բարձրեալին Աստուծոյ, որ Տիրոջ գերեզմանը թափուր է, Տէրը այնտեղ չէ, այլ այստեղ է՝ մեզմէ իւրաքանչիւրիս սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։
Միաշաբաթի վաղ առաւօտուն իւղաբեր կանայք՝ վշտաբեկ ու սգաւոր սրտերով գերեզման գացին իրենց վարդապետին մարմինը իւղով օծելու։ Սակայն, ի զարմանս իրենց, գերեզմանի գլորուած քարը գտան եւ լսեցին մեծ աւետիսը հրեշտակին, որ կ՚ըսէր. «Մի՛ վախնաք, այստեղ չէ, այլ Յարութիւն առաւ»։
Ինչպէս, որ ամէն ծնունդի առաջին աւետիսը կիներուն կը տրուի, եւ իրենք է, որ այս մասին առաջինը կը վկայեն, այս պահուն ալ, Նոր Կեանքի աւետիսը առաջին լսողները իրենք եղան եւ վկայեցին այս մասին:
Այո՛, գերեզմանը թափուր էր. Յիսուս Քրիստոս յաղթած էր մահուան, յաղթանակ տարած կեղծին ու սուտին դէմ։ Ճշմարտութեան յաղթանակը: Այս ճշմարտութիւնը հիմքն է մեր ճշմարիտ հաւատքին, այն հիմքը՝ որուն վրայ կառուցուած է մեր եկեղեցին՝ քրիստոնեայի կեանքը։
Աստուածորդին աշխարհ եկաւ, մարդեղացաւ, մեր մէջ ապրեցաւ եւ մեր մեղքերու քաւութեան եւ թողութեան համար իր կեանքը տուաւ, խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ սակայն երրորդ օրը յարութիւն առաւ։ Սա ճշմարտութիւն է եւ ոչ թէ սոսկ ժամանակի մը պարունակին մէջ տեղադրուած իրական պատմութիւն եւ կամ արձանագրուած առասպել։ Դէպք մը, որ սիրելի յիշողութիւն չմնաց. դարձաւ գերագոյն Ճշմարտութիւն մը, որ փոխեց ողջ մարդկութեան կեանքի ընթացքը։
Աւետուած խօսքը երկու հազար տարուան պատմութիւնը չեղաւ միայն, այլ մեր այսօրուան կեանքի իրականութիւնը դարձաւ, որուն մասին կը խօսինք, այդ խօսքին վաւերականութիւնը կ՚աւետենք, գոհաբանական, փառաբանական ու շնորհաւորական բառերով։
Այս հրաշաբարբառ խօսքը Յիսուս Քրիստոսի յարութեան փոխակերպիչ եւ հրաշագործ զօրութեան մասին է։ Քրիստոս սահմանափակուած չէ գերեզմանով ու չի կրնար սահմանափակուիլ։ Ան ամէնուրէք է. Աստուծոյ մօտ է եւ այստեղ՝ մեզի հետ է, այս պահուն ինծի եւ քեզի հետ է, մէկ խօսքով՝ բոլորիս հետ է։ Մեր ուրախութիւններուն եւ ձեռքբերումներու ատեն մեզի հետ է եւ ուրախակից է։ Մեր պայքարին, նեղութիւններուն ու դժուարութիւններուն մէջ մեզի հետ է, աջակից ու մխիթարիչ։ Մեր կասկածներուն եւ վախերուն ատեն մեզի հետ է առաջնորդող ու գօտեպնդող: Մեր յուսալքումներուն մէջ մեզի հետ է մեզ մեր հաւատքին մէջ հաստատող։ Ան Էմանուէլն է՝ «Աստուած մեզի հետ»։ Անոր մշտական ներկայութիւնը անպայմանօրէն մեր կեանքի փոխակերպիչ ուժն է։
Մէկ խօսքով, Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը մեր հաւատքի անկիւնաքարն է։ Աստուծոյ խոստումին կատարումն է։ Մեր փրկութեան երաշխիքը։ Յաղթանակը մահուան վրայ։
Պահ մը մտածենք այն աշակերտներուն մասին, որոնք ականատես ըլլալով իրենց սիրելի ուսուցիչին խաչելութեան, վշտի եւ շփոթութեան մէջ տարուբերուեցան: Անոնց յոյսերը մարեցան, փորձարկուեցաւ անոնց հաւատքը, եւ մոլորուած իմաստազուրկ աշխարհի մը մէջ յայտնուեցան: Բայց յետոյ, այդ փառահեղ առաւօտուն, ամէն ինչ փոխուեցաւ։ Այո՛, քարը գլորուած էր. վախի, կասկածի, յուսաբեկութեան քարը գլորուած էր: Գերեզմանը դատարկ էր, կեանքը՝ ճշմարտութեամբ լեցուն, եւ Յիսուս անոնց առջեւ կանգնած էր՝ կենդանի եւ յաղթական մահուան վրայ յաղթանակ տարած:
Աշակերտներուն յուսահատութիւնը վերափոխուեցաւ ուրախութեան, կասկածը վերածուեցաւ հաւատքի, եւ անոնց կեանքը ընդմիշտ կերպարանա-փոխուեցաւ:
Մեռելներէն յարութիւն առած Յիսուս Քրիստոսը իր զօրութեամբ, այժմ կը բնակի մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ՝ զօրացնելով մեզ յաղթահարելու ամէն խոչընդոտ, դիմակայելու ամէն փորձութիւն եւ ապրելու նպատակասլաց եւ իմաստալից կեանքով:
Եկէ՛ք Սուրբ Յարութեան այս օրերուն մեր սրտերը յոյսով եւ մեր մտքերը խաղաղութեամբ լեցնենք եւ մեր կեանքը ուրախութեամբ զարդարենք։
Եկէ՛ք, հաւատքով արդարացած վերանորոգենք ու փոխակերպենք մեր կեանքը Քրիստոսի յարութեան յաղթանակով, որ աստուածային ու յաւերժական սիրով է երաշխաւորուած։
Եկէ՛ք, երախտագիտութեան լեցուն սրտով եւ ճշմարտութեան մէջ խարսխուած մտքերով ու յարութեան զօրութեամբ սպառազինուած հոգիով եւ մաքրազարդուած մարմիններով համարձակօրէն յայտարարենք. «Ան այնտեղ չէ», գերեզմանին մէջ չէ, որոհետեւ յարութիւն առաւ ճշմարտապէս։
Եկէ՛ք ապրինք յարութեան լոյսով ողողուած, վկայելով Անոր սիրոյ, շնորհքի զօրութեան եւ Անոր մեզի պարգեւած փրկութեան մասին, որովհետեւ մենք Յարութեան ժողովուրդ ենք, լոյսի որդիներ ենք, Բարի Հովիւին հօտն ենք:
Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց։
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:
Աղօթարար՝
Բաբգէն Արք.
Առաջնորդ
Գանատայի Հայոց Թեմի