image

Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի այցը՝ Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի (Լուսանկար)

Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի այցը՝ Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի (Լուսանկար)

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ պետ, համայնքապետ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան Քեսապ հայկական բնակավայր կատարած իր այցելութեան ծիրէն ներս օրերս այցելութիւն տուած է Հայց. Առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։

Վեր. Սելիմեան, որ յայտնի է իր մշտավառ եռանդով եւ երկխօսութեան բարձ ոգիով, մեծ խանդավառութեամբ ընդունուած է տեղի համայնքայիններուն ու հոգեւոր հովիւին կողմէ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այցելութեան մասին հրապարակուած լրատւութիւնը, որ լոյս տեսած է համացանցի վրայ։

Կիրակի, 7 Ապրիլ 2024-ի կէսօրուան ժամը 1:00-ին, վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, ընկերակցութեամբ պատուելի Շանթ Ակիշեանի եւ ժողովականներուն, այցելեց Քեսապի Ս.Աստուածածին եկեղեցի, ուր հիւրնկալուեցաւ գիւղիս Հոգեւոր Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Եսայի Աբղ. Էօրտէքեանի եւ եկեղեցւոյ թաղականութեան կողմէ։

Հանդիպան ընթացքին ակնարկուեցաւ քեսապահյութեան, ներկայ վիճակին եւ երեք համայնքներու միջեւ համագործակցութեան մասին։

Հայր սուրբը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց վերապատուելիին այցելութեան համար։ Հայ Սուրբը Անոր մաղթեց ուժ, կորով եւ աստուածահաճոյ առաքելութիւն։