ԼOՖԹ ինքնազարգացման կեդրոնին մէջ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, պատասխանելով «Արեւելքի» այն հարցին, թէ ո՞ր երկիրը պիտի այցելէ առաջին անգամ որպէս նախարար, ըսաւ. «Ես ունեմ տարբերակ, բայց մի քանի գործօններից է կախուած: Դեռեւս քաղաքական որոշում չկայ, բայց ես ինքս, եթէ իմ որոշելով լինի, նախընտրում եմ գնալ ամենավտանգաւոր երկիրը»:
Դահլիճի այն հարցին, թէ ո՞րն է այդ երկիրը, արդեօ՞ք Սուրիան, նախարարն ըսաւ. «Չեմ ասի»: Դահլիճի մէջ տեսակէտ հնչեց, թէ հնարաւոր է այդ երկիրը Թուրքիան է, եւ նախարարը վտանգաւոր կը համարէ այն առումով, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ չկան դիւանագիտական յարաբերութիւններ, սակայն ցանկութիւն կայ իբրեւ նախարար առաջինը այնտեղ այցելելու: