image

«Յոյս ունինք». վրաց արտաքին գործոց նախարարուհին Երեւանի մէջ ակնկարկեց Հայ-ատրպէյճանական համաձայնութեան խնդրին  

«Յոյս ունինք». վրաց արտաքին գործոց նախարարուհին Երեւանի մէջ ակնկարկեց Հայ-ատրպէյճանական համաձայնութեան խնդրին  

Հայաստանը մեր լաւագոյն 10 գործընկերներու ցանկին մէջ է, որ շատ կարեւոր է մեզի համար: Այս մասին ՀՀ եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոճորիշվիլին:

«Այսօր մենք քննարկած ենք շարք մը թեմաներ՝ համագործակցութեան հետ կապուած: Մենք արդէն իսկ ունինք ընդլայնուած յարաբերութիւններու քննարկման ոլորտ, բայց աւելի խորացնելու տեղեր ունինք: Անշուշտ, մենք նաեւ քննարկած ենք տարածաշրջանին մէջ ընթացող գործընթացները, խօսած ենք խաղաղութեան ու կայունութեան մասին: Վրաստանը կը շարունակէ նուիրուած մնալ կայուն խաղաղութեան անցնելու ցանկութեան: Պատրաստակամ ենք ընելու այն ամէնը, որ կրնանք ընել՝ հասնելու այս նպատակին ու վստահ ըլլալու, որ մեր տարածաշրջանը կայուն է, խաղաղ ու բարգաւաճ: Յուսանք, որ խաղաղութեան պայմանագիրը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ պիտի ամփոփուի այնպիսի դրոյթներով, որ այն ձեռնտու պիտի ըլլայ երկու կողմերուն ալ: Միայն սա կրնայ հիմք հանդիսանալ այս տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելուն»,- ըսած է Պոճորիշվիլին:

Վրաստանի նախարարը նշած է, որ երկուստեք մանրամասն քննարկած են տարածաշրջանին մէջ ընթացող գործընթացները եւ ընդգծած, որ պատրաստ են աւելի աշխուժացնելու ջանքերը երկկողմանի ընդունելի նախագիծեր հաստատելու համար: