ՌԴ ԱԳՆ-ն հայկական արմատներով ռուս քաղաքացիները նախազգուշացուցած է Ատրպէյճան մեկնելու հնարաւոր վտանգներու մասին:
«ԼՂ հիմնախնդրի չկարգաւորուած ըլլալու պատրուակով Ատրպէյճանի սահմանապահ ծառայութիւնը կը շարունակէ թոյլ չտալ մուտք իրենց երկրի տարածք այն մարդոց, որոնք անկախ քաղաքացիութենէն ուղղակի կամ անուղղակի կերպով հայ ազգի պատկանելիութեան նշաններ ունին»,- ըսուած է ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ:
Գերատեսչութենէն նշած են, որ Ատրպէյճան ժամանող ՌԴ քաղաքացիներու հանդէպ խտրական գործողութիւններու անթոյլատրելիութեան մասին ռուսական կողմի բազմաթիւ դիմումները ատրպէյճանական կողմին կ'անտեսուին:
Հաշուի առնելով վերոնշեալ հանգամանքները՝ ՌԴ ԱԳՆ-ն իր քաղաքացիներուն խորհուրդ կու տայ Ատրպէյճան կատարելիք ուղեւորութեան ժամանակ մանրակրկիտ կշռադատել հնարաւոր վտանգները: