image

Հալէպը վստահաբար պիտի գոյատեւէ.Վեր. Փօլ Հայտոսթեան

Հալէպը վստահաբար  պիտի  գոյատեւէ.Վեր. Փօլ Հայտոսթեան

17  Յունուար 2016-ին, հրթիռակոծման հետեւանքով  նիւթական մեծ վնասներու կ՝ենթարկուէր Հալէպի Հայ Աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցին եւ փուլ կու գար կղմինտրածածկ առաստաղը: Եկեղեցիի բարեպաշտ ժողովուրդը ստիպուած, երկու տարիներ իրենց կիրակնօրեայ պաշտամունքը ունենալ եկեղեցիի ներքնասրահին մէջ: Հալէպն ու շրջակայքը իրենց ապահովութիւնը  արդէն վերագտած են,  իսկ ժողովուրդը կը փորձէ թօթափել պատերազմի հետքերն  ու վերացնել սպիները:

Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ կարելի եղաւ վերականգնել Հայ Աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցին,  ներդրումով Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ զանազան նուիրատու  կողմերու, հովանաւորութեամբ ՄԱՀԱԵ Միութեան Կեդրոնական Մարմնին, ջանքերով Հալէպի Հայ Աւետ. եկեղեցիներու տեղական մարմիններուն եւ անխոնջ նուիրումով Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ ՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի:

Եկեղեցիի նաւակատիքը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 2 Դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօր ժամը 12:30-ին,  ներկայութեամբ Լիբանանէն ժամանած պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու  Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. Միութեան Կեդրոնական Մարմինի ատենապետ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի, սուրիական  կրօնական եւ պետական  մարմիններու բարձրաստիճան   ներկայացուցիչներու, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արք. Պետրոս Միրիաթեանի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի Հայ Աւետարանական Համայնքի հոգեւոր հովիւներու, Քրիստոնեայ համայնքներու պետերու, Իսլամ կրօնաւորներու, Հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:

Պաշտամունքը սկիզբ  առաւ Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեանի 100-րդ Սաղմոսի  ընթերցանութեամբ: Ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց «Նաւակատիքի Պաշտամունք»ին նուիրուած խորհուրդը, որմէ ետք ժողովուրդին հետ միասնաբար ընթերցեցին Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Հաւատոյ Հանգանակը:

 

Այս առթիւ «Արեւելք»   հարցազրոյց մը ունեցաւ    Հայ  Աւետարանական եկեղեցւոյ    պատասխանատու  հոգեւորականներէն՝ Վեր. Փօլ Հայտոսթեանի հետ, որ   մաս կը կազմէր  Հալէպ  այցելած    պատուիրակութեան։ 

Յիշեցնենք, որ Վերապատուելին նախագահն  է      Պէյրութի  «Հայկազեան»  համալսարանին։

 

-Յարգելի Վերապատուելի, ի՞նչ  առիթով է, որ այցելութիւն տուիք Հալէպ։

 

Մենք Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան 11 անձերէ բաղկացած պատուիրակութեամբ մը ուղղուեցանք դէպի Հալէպ 30 Նոյեմբերին՝ գումարելու համար ՄԱՀԱԵՄի Կեդրոնական Մարմինին մէկ Լիանիստ ժողովը եւ միաժամանակ կատարելու նաւակատիքը կամ վերընծայումը 2016ի Յունուարին հրկիզուած ու սակայն վերջին ամիսներուն ամբողջովին վերանորոգուած Ազիզիէ շրջանի  Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Եկեղեցիին: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՄԱՀԱԵՄի նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանը:

 

 -Սուրիոյ  պատերազմին  սկիզբէն ի վեր  սա  առաջին  այցն է՞ր  դէպի Հալէպ,  ի՞նչ  են  ձեր տպաւորութիւնները:

 

Այս մեր երկրորդ այցելութիւնն էր Հալէպ: Առաջինն ու ցնցիչը եղաւ Յունուար 2018ին երբ Պէյրութէն դէպի Հալէպ ճանապարհը նմանեցաւ ուխտագնացութեան մը, փնտռելու համար տարիներու կործանարար արհաւիրքին մէջ շնորհքի եւյոյսի անդաստան մը:  Մենք տեսանք ամբողջովին ամայացած ու քանդուած տարածաշրջաններ, փուլ եկած թաղամասեր, անկանոն ու մաշած կեանքի վիճակներ, ամենօրեայ կենցաղային դժուարութիւններ, Հալէպի կեդրոնական ու նախապէս հայահոծ շրջաններու մէջ բնակչութեան նոր տեսակներու խճողուածութիւն:  Այդ բոլորով հանդերձ մենք տեսանք կամք ապրելու, վերանորոգելու, հայու անձնական, ընտանեկան, թէ համայնքային կեանքի բնականոն եւ կազմակերպուած աշխատանք:  Այս երկրորդ այցի ընթացքին, տասը ամիսներ ետք, մենք ականատես եղանք կարգ մը ընդհանուր նորոգութեան աշխատանքներու, մինչ լայն պատկերը կը մնայ քանդուած:   Համայնքային կեանքն ու շուկաներու գործը զարգացած կը թուէր հիմա: Իրիկուան ժամերու երուզերը գտած էր իր ընթացքը, մթնոլորտը աւելի հանդարտ էր, Հալէպի արուարձաններէն լսուած պատերազմի արձագանգները նուազած:  Երկրի վիճակը ըլլալով հանդերձ տակաւին պատերազմական, բնականօն կեանքի փորձը տեղ տեղ յաջողած կ՛երեւէր, մտահոգութիւնները պակսած, բայց ապագայի հեռանկարները անշուշտ անորոշ, վաղուան անակնկալերու նիւթը անհանգստացնող:  Մեր տպաւորութիւնը այն էր թէ Հալէպահայը պահած էր իր հիւրասէր, մարդասէր, համայնքին եւ արժեքներուն կառչելու իր բարեմասնութիւնները, ընթացք մը որ կը շարունակուի գնահատուիլ երկրի այլ բաղադրիչներուն կողմէ եւս:

 

 -Հայկականութեան շունչը  զգալի է՞ր   քաղաքին մէջ, կամ  պատերազմին  հետեւանքով        այդ ոգին  նօսրացած,   կամ   փոփոխուած է՞ր։

 

Հայկականութեան շունչը կը շարունակուի ըլլալ ջերմ, միասնութեան ոգին գնահատելի:  Հայաստանն ու հայութիւնը, սփիռքի վիճակներն ու մեր էական հարցերը նիւթ են ամենօրեայ:

 

-Ի՞նչպէս  տեսաք  հալէպահայութիւնը,  եւ  ի՞նչ են      գաղութի    հիմնական   պահանջները։

 

Հալէպահայութիւնը տպաւորեց զիս աւելի վերականգնելու իր հետաքրքրութեամբը քան յուսահատութեան նշաններովը: Միաժամանակ ծանր կը կշռէ մեծամասնութեան մը տունէն հեռացած ըլլալու իրավիճակը:  Հայուն դրացիներու եւ հարազատներու կէսէն աւելին կը գտնուին այլուր: Ընտանիքները բաժնուած են զանազան երկիրներու մէջ, Գերմանիա, Գանատա, Աւստրալիա, Հայաստան հայրենիք, Լիբանան, Ֆրանսա, Շուէտ, Դանիա, եւ այլ տեղեր:  Հալէպահայը այսօր, եւ ոչ միայն հեռացած անձը, կարօտի ծանրաբեռնութեան մէջ է:  Գաղութը կարօտ է բարոյական նեցուկի, կայուն աշխատանքի առիթներու, գործատեղիներու նորոգութեան, հաստատութիւններու նիւթաբարոյական ապահովութեան:  Հալէպահայութեան ապագայի մասին արդար չէ նիհիլիստական դատողութիւն կատարելը, եւ զայն սպառած համայնք սեպելը: Նոյնպէս իմաստուն չէ սեպելը թէ ամպ մըն էր որ արդէն անցած է Սուրիոյ վրայէն: Անոնց պէտքը մեր ընկերակցութիւնն է իրենց որպէսզի առնեն իրենց որոշումները խոր իմաստութեամբ եւ շինարար յոյսով որպէս անհատներ, ընտանիքներ թէ գաղութ:

 

-Քաջ  գիտենք, որ Հալէպի մէջ  գործող   հայ Աւետարանական  եկեղեցին իր կարեւոր  տեղն  ունի,  այսօր ի՞նչ  են   Հայ  Աւետ. եկեղեցւոյ համար  Հալէպի համար նախատեսուած  հիմնական ծրագիրները։

 

Հալէպը մայր գաղութի դերը կատարած է նաեւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համար 19րդ դարէն ի վեր:   Էմմանուէլ եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը ունի իր մէջ պատգամ:  Հայ Աւետարանական Եկեղեցին պէտք է հաւատարիմ մնայ Քրիստոսի բարի լուրին:  ՄԱՀԱԵՄի Կեդրոնական Մարմինի անունով նաւակատիքի պաշտամունքին յստակօրէն յորդորեցի եկեղեցին որ ինքզինք սեպէ նորանոր առաքելութեան մը կանչուած՛ ծառայելու իր շրջապատին եւ յոյս ներշնչելու բոլորին:  Մեր Սուրիոյ –այժմ Հալէպի եւ Քեսապի-եկեղեցիներով, դպրոցներով, եւ ընկերային-բժշկական ծառայութիւնով, մանուկներու թէ երիտասարդներու նուիրուած ծրագիրներով մենք առաքելութեան մարտահրաւէր ունինք:  Մեր ընտանիքներն ու հաստատութիւնները պէտք է ամրապնդուին քրիստոնէական հաւատքի, հայրենասիրութեան, եւ ծառայութեան պարգեւներով՛ ի շահ բոլորին: Այս մէկը կարօտ է նիւթական, կազմակերպչական եւ բարոյական աղբիւրներու:  Վերջապէս, հմուտ առաջնորդութիւն է պէտք այս օրերուն եւ գալիք տարիներուն, ինչ որ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական իրականութեան մէջ կը մեծ նուիրումով կը կատարէ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան:

 

-Կը   հաւատա՞ք   արդեօք, որ   այդ  դարաւոր   գաղութը   ապագայ   պիտի ունենայ, նկատի  առնելով, որ    հայութեան  թիւը   զգալիօրէն  նուազում    արձանագրած է։

 

Ապագան վստահաբար պիտի ըլլայ տարբեր անցեալէն եւ յստակօրէն նուազ թիւերով:  Հայը չկրնար թիւերով խանդավառուիլ կամ թիւերով յուսահատիլ: Անշուշտ կարելի չէ կանխատեսել զարգացումները: Մենք պէտք է յոյսով, ծրագիրներով եւ գործով ընկերակցինք մեր ժողովուրին ինչ ալ ըլլան թիւերը: Շեշտը միշտ կը դնենք անսակարկ առաքելութեան վրայ, ապա թէ ոչ եկեղեցին կը դառնայ աշխարհիկ ընկերակցութիւն:

 

-Դուք եւս            որոշակի  կապեր ունիք  այդ  քաղաքին հետ։ Անցեալը   ձեւով մը  կը կապէ  այդ  քաղաքին,  այսօր ի՞նչ   փոխուած է  հին Հալէպէն  ու    արդեօ՞ք  որեւէ ափսոսանք  ապրեցաք, որ        շփում ունեցաք բոլորովին  նոր  Հալէպի մը հետ։

 

Իմ ծնողներն ու մեծ ծնողները եղած են յայտնի Հալէպցիներ երկար տարիներ, ետքը փոխադրուած Պէյրութ, եւ ես անձնապէս ծնած եմ Պէյրութի մէջ:  Հալէպը ինծի եւ տիկնոջս համար կը նշանակեն զգացում եւ իմաստ բարեխառնուած: Այդ մէկը պիտի վստահաբար գոյատեւէ: