image

Յիշատակդ անմար է, աղբարս ...

Յիշատակդ անմար է, աղբարս ...

Մարի Առաքելեան-Արուշ

 

Քառասուն օրեր անցան Վարդան եղբայրս... անգութ անժամանակ մահը, անկարող է  հեռացնել բարի յիշատակդ մեր սրտերէն, միշտ պիտի յիշենք ազնիւ բարի հոգիդ ժպտերես դէմքդ, նուիրեալ ոգիդ...  Դուն յաւերժ պիտի մնաս մեր սրտերուն մէջ, երկնքէն պիտի հսկես քու   հիմնած կատարեալ ընտանիքդ. Լոյսերու արքայութեան մէջ թող ննջէ բարի հոգիդ, յիշատակդ անմար պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ յաւիտեան անգին աղբարս....