Լիբանանի կառավարութեան տագնապին առընթեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը նոյնպէս դժգոհութիւն յայտնած է՝ ի լուր այն խօսակցութիւններուն, ըստ որոնց՝ նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ լիբանանահայ համայնքը պիտի ներկայացուի միայն մէկ նախարարով:
Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցած էր լիբանանեան VDL կայնաը, նշելով, որ Արամ Կաթողիկոս այս կապակցութեամբ իր վրդովմունքը յայտնած է նաեւ Լիբանանի բարձրաստիճան մարմիններուն:
Յիշեցնենք, որ ըստ Լիբանանի կառավարական օրէնքին, երկրին մէջ 30 անդամներէ բաղկացող ցանկացած կառավարութեան մէջ լիբանանահայ համայնքը պէտք է ներկայացուի երկու նախարարներով: