image

Անցեալի ծանրացած դաշտը կոտրելը Փաշինեանէն պիտի խլէ իր ողջ իտէալիզմն ու ուժը. Washington Post

Անցեալի ծանրացած դաշտը կոտրելը Փաշինեանէն պիտի խլէ իր ողջ իտէալիզմն ու ուժը. Washington Post

Ամերիկեան հեղինակաւոր The Washington Post օրաթերթի լրագրող Տէյվիտ Իգնատիուս, որ  ժամանած էր Հայաստան՝ մասնակցելու «Աւրորա» ամենամեայ մրցանակի յանձնման պաշտօնական արարողութեան, Հայաստանի մէջ նախորդ ամիսներուն տեղի ունեցած քաղաքական գործընթացներուն վերաբերեալ յօդուած հրապարակ է՝ արձանագրելով, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած են լժողովրդավարական բարեփոխումներ:

«Եթէ դուք լաւ լուրեր կը սպասէք հեռու հեռաւոր երկրէն, ահա Հայաստանի «թաւշեայ յեղափոխութեան» պատմութիւնը». այս խօսքերով կը սկսի յօդուածը ամերիկեան պարբերականի յայտնի լրագրողը: Ան կը նշէ, որ ներկայիս երկրին մէջ իշխանութեան գլխուն է երիտասարդ բարեփոխիչներու խումբ մը՝ նկատելով, որ ատիկա կարեւոր սկիզբ կրնայ ըլլալ՝ ընդդէմ ողջ աշխարհի մէջ առկայ այն միտումին, թէ ազատութեան ու լաւ կառավարման ցուցանիշները անկում կ՝ապրին:

«Այստեղ, հիմա, կարծես տօնական մթնոլորտ է, քանի որ հայերը կը վայելեն նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ «սիրոյ ու համերաշխութեան յեղափոխութիւն» որակուած դէպքերուն արդիւնքները: Փողոցներու մէջ կը նուագեն նուագախումբեր, մարդիկ հանրային վայրերու մէջ շատ հանգիստ կերպով կ՝ողջունեն Փաշինեանը, եւ կը թուի, թէ յետխորհրդային մշուշը մաքրուած է»,- կը նշէ Իգնատիուս:

Ան կը պատմէ, որ 8 յունիսին հանդիպում ունեցած է ՀՀ վարչապետին հետ: Խօսելով յեղափոխութեան յաջորդող քայլերուն մասին՝ Փաշինեան Իգնատիուսին ըսած է, որ իր առաջնահերթ նպատակներէն մէկը պիտի ըլլայ վերջ տալ կաշառակերութեան: «Ես չեմ պատրաստուիր հրամաններ տալ դատաւորներուն, սակայն մենք պիտի փորձենք յստակացնել ու պատասխանատւութեան ենթարկել ամենաշատ կաշառակեր անձերը»,- ըսած է ՀՀ վարչապետը: Լրագրողը կը նշէ, որ մենաշնորհներու դէմ պայքարելու նպատակով  վարչապետին անհրաժեշտ է շահագործել նոր, աւելի փոքր ընկերութիւնները, եւ հաւանաբար ատիկա հնարաւոր ըլլայ ազգային ներդրումային դրամատան միջոցով:

«Անցեալի ծանրացած դաշտը կոտրելը Փաշինեանէն պիտի խլէ իր ողջ իտէալիզմն ու ուժը: Ան ինծի ըսաւ, որ շատ հաւանական է, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնէ Հոկտեմբերին կամ Նոյեմբերին»,- կը գրէ Իգնատիուս:

Ան կը նշէ, որ Հայաստանը այն հարցն է, որուն պարագային ինքը չի կրնար չէզոք դիրքի վրայ մնալ՝ հաշուի առնելով, որ իր հօր ընտանիքը հայկական արմատներ ունի: Պատմելով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան մասին՝ Իգնատիուս կը նկատէ, որ Հայաստանը թէ՛ պատմականօրէն, թէ՛ յետխորհրդային ոչ վաղ անցեալին ունեցած է շատ վատ պահեր: «Հաճելի էր փոփոխութիւններու դրամաթիկ պահէն ետք Երեւանը տեսնել իբրեւ ժպիտներու քաղաք»,- կ՝եզրափակէ ան: