image

Ի՞նչ սպասել Արցախի մէջ 2025-էն ետք. Փաշինեանէն դիտարկում

Ի՞նչ սպասել Արցախի մէջ 2025-էն ետք. Փաշինեանէն դիտարկում

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը կարծէ, որ Լեռնային Ղարաբաղէն Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբը կրնայ դուրս բերուիլ միայն այն պարագային, երբ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այլեւս չըլլայ բնակչութեան զանգուածային ոչնչացման վտանգ։ Այս մասին ան յայտարարած է 25 յուլիսին կայացած ասուլիսի ժամանակ՝ պատասխանելով «Հայկական ժամանակ» օրաթերթի լրագրողի հարցին, թէ ի՞նչ սպասել 2025-էն ետք եւ եթէ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը դուրս գայ Լեռնային Ղարաբաղէն, հայկական կողմը ինչպէ՞ս պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու անվտանգութիւնը։

«Իսկ եթէ չկայ նման վտանգ, դա նշանակում է, որ, օրինակ՝ Բաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութիւնը միջազգային մեխանիզմի շրջանակներում գտնուել է արդիւնաւէտ եւ կողմերը արձանագրում են, որ խաղաղապահ զօրախմբի ներկայութիւն [անհրաժեշտութիւն – խմբ.] այլեւս չկայ»,- նշած է Փաշինեան:

Վարչապետը նաեւ ընգծած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի տեղակայման նպատակը արձանագրուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան դաշնային ժողովի համապատասխան որոշման մէջ։

«Որոշման մէջ ասւում է, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան Դաշնային ժողովը Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահին թոյլ է տալիս խաղաղապահ զօրախումբ գործուղել Լեռնային Ղարաբաղ՝ այնտեղ բնակչութեան զանգուածային զոհուելը կանխարգելելու համար»,- նշած է վարչապետը։