image

Հալէպ. Ընտրուած է Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային նոր վարչական կազմը

Հալէպ. Ընտրուած է Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային նոր վարչական կազմը

Հաղորդագրութիւն
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային ԻԱ. Ներկայացուցչական Ժողովի 

 

Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային ԻԱ. Ներկայացուցչական ժողովը գումարուեցաւ 18 Մարտ 2018-ին Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Լ. Շանթ» սրահէն ներս ներկայութեամբ՝ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ Կարօ Մանճիկեանի։

Ներկայացուցչական ժողովը հանգամանօրէն քննեց շրջանաւարտ Շրջանային Վարչութեան ծաւալած բազմաբնոյթ աշխատանքը, կատարեց համապատասխան եզրայանգումներ, ներկայացուց առաջարկներ եւ ուղենշումներ յառաջիկայ երկամեայ գործունէութեան համար։ 
Ներկայացուցչական ժողովը բարձրօրէն գնահատեց տագնապալի տարիներուն եւ դժուարին պայմաններուն Համազգայինի ծաւալած գործունէութիւնը եւ հակառակ բազմապիսի խոչընդոտներուն իրականացած կազմակերպ աշխատանքը։

Ներկայացուցչական Ժողովը արգասիքն է գործունէութեան իննսունամեակը դիմաւորող Համազգայինին, որ կը մնայ պատնէշի վրայ եւ հիմնադիրներու տեսլականով, հաստատ քայլերով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ծաղկեցնելով հայ մշակոյթի անդաստանը։

Համազգայինի Շրջանային ԻԱ. Ներկայացուցչական ժողովը իր օրակարգի աւարտին ընտրեց յառաջիկայ երկամեակի համար Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը՝ բաղկացած եօթը անդամներէ.
Կարօ Ալեքսանեան
Արփի Սանոսեան
Շաքէ Սելեան
Սարգիս Պալապանեան
Պերճ Պօղիկեան
Սալբի Թիւֆէնքճեան
Զաւէն Պարսումեան

Դիւան 
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային ԻԱ. Ներկայացուցչական Ժողովի
Հալէպ, 18 Մարտ 2018