image

Լաւրովն ու Ապտոլլահեանը հաստատած են միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ համակարգման կարեւորութիւնը

Լաւրովն ու Ապտոլլահեանը հաստատած են միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ համակարգման  կարեւորութիւնը

Իրանական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերգէյ Լաւրովի եւ Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հեռաձայնային զրոյցը: Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան տուեալով՝ հիմնական ուշադրութիւնը կեդրոնացուած է Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակին վրայ:

Նշուած է, որ ռուսական կողմը կրկին դատապարտած է 1 ապրիլին Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատոսութեան ուղղութեամբ Իսրայէլի իրականացուցած օդային հարուածը:

«Հաստատուած է միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի արդիական հարցերու շուրջ համակարգման բարձր մակարդակի պահպանման փոխադարձ տրամադրուածութիւնը»,- ըսուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։