image

Սուրիոյ մէջ Իրանի հիւպատոսութիւնը յարձակման ենթարկուած է. Զոհերու շարքին է իրանցի բարձրաստիճան զօրահրամանատար մը

Սուրիոյ մէջ Իրանի հիւպատոսութիւնը յարձակման ենթարկուած է. Զոհերու շարքին է իրանցի բարձրաստիճան զօրահրամանատար մը

Ապրիլ 1-ին յարձակման ենթարկուած է Սուրիոյ մէջ Իրանի հիւպատոսութեան շէնքը, յայտնած են իրանեան լրատուամիջոցները։ Իրանի մէջ կատարուածը ահաբեկչութիւն որակած են եւ յարձակումը վերագրած՝ Իսրայէլին։

Հիւպատոսութիւնը օդային հարուածի հետեւանքով ամբողջութեամբ աւերուած է, զոհուած է եօթ մարդ։ Սուրիոյ մէջ Իրանի դեսպանն ու անոր ընտանիքը չեն տուժած։

Ըստ իրանեան ISNA գործակալութեան՝ զոհերէն երկուքը Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի զօրավարներ էին՝ Մոհամմատ Ռեզա Զահետին եւ Մոհամմատ Հատի հաճ Ռահիմին։

Ապրիլ 2-ին միջադէպի վերաբերեալ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին՝ նշելով, որ Իրանի հիւպատոսութեան դէմ յարձակումը անպատասխան պիտի չմնայ։

Յարձակումը դատապարտած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Միքտատը` յայտարարելով, որ Իսրայէլ պիտի չյաջողի ազդել Սուրիա-Իրան կապերու վրայ։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի խօսնակը կատարուածի վերաբերեալ մտահոգութիւն յայտնած է եւ նշած է, որ դեռ բաւարար տեղեկութիւններ չկան եւ  կը սպասեն աւելի շատ տեղեկութիւններու։

Նշենք, որ յունուար 20-ին իրանեան կողմը յայտարարած էր Դամասկոսի ուղղութեամբ իսրայէլեան մէկ այլ օդային հարուածի մասին, որու հետեւանքով մահացած էր Յեղափոխութեան պահակագունդի հինգ զինուորական։