image

Սրի Լանքա արձակուրդի մեկնած լիբանանցիին ողբերգական մահը

Սրի Լանքա արձակուրդի մեկնած լիբանանցիին ողբերգական մահը

Լիբանանեան Պաթրուն քաղաքի հիւսիսային շրջանի բնակիչները սուգի մէջ են:

Քաղաքի բնակիչ 39-ամեայ Սամի Ռիմոն Պասիլ, որ զբօսաշրջութեան նպատակով Սրի լանքա մեկնած էր, այսօր վերադարձած է անշունչ վիճակով, կը գրէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:

Սրի Լանքայի մէջ իր հանգիստը վայելելու մեկնած Սամի մահացած է անակնկալ մահով, գլխուղեղի երակները պայթելու եւ ներքին արիւնահոսութեան հետեւանքով:

Ըստ Սամիի եղբօր՝ Էլիի վկայութեան, Սամի առաւօտեան սուրճն ըմպելէ ետք սենեակ վերադառնալով սկսած է իր պայուսակները դասաւորել, Լիբանան վերադառնալու համար, սակայն անոր այլ ճակատագիր կը սպասէր:

Սամիի դիակը Լիբանան հասած է երկու օր առաջ՝ չորեքշաբթի օր: