image

Թուրքիոյ մէջ հայկական Վագըֆ գիւղի մասին ֆիլմը կը ներկայացուի նաեւ թուրք հանդիսատեսին

Թուրքիոյ մէջ հայկական Վագըֆ գիւղի մասին ֆիլմը կը ներկայացուի նաեւ թուրք հանդիսատեսին

Թուրքիոյ Հաթայ նահանգին մաս կազմող հայկական Վագըֆ գիւղի մասին նկարահանուած փաստավաւերագրական ֆիլմը կը թարգմանուի թրքերէնի: Այս մասին կը յայտնէ «Ակօս»ը, նշելով, որ Կիլիկիոյ վերջին հայաբնակ գիւղը, ուր մինչ օրս կը բնակի շուրջ 100 հայ, տարիներ առաջ դարձաւ թրքաբնակ լուսանկարիչ Սայիտ Սերքան Գիւրպուզի ու ամերիկացի Քարոլին Թրենտ Գիւրպուզի ուշադրութեան կենդրոն, որոնք 2012-ին «Նօսրացող համայնք. Վագըֆ՝ Թուրքիայի վերջին հայկական գիւղը» անունով փաստավաւերագրական ֆիլմ պատրաստեցին վագըֆցիներու մասին:

Անգարայի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան եւ ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան դաշնային դրամաշնորհներու ֆինանսաւորմամբ իրականացուած նախագիծը կը պատմէ Վագըֆի բնակիչներէն Քամի Քարթունի կեանքի մասին եւ կը բարձրաձայնէ մեր օրերուն Թուրքիոյ հայութեան վերապրած խնդիրներուն, հետզհետէ նօսրացող բնակչութեան տագնապներուն, կրթական, ընկերային ու հասարակական խնդիրներուն մասին:

Նշենք, որ Վագըֆ գիւղը պատմական Կիլիկայի տարածքին գտնուող վերջին հայկական գիւղն է: Այն յաճախ կ'անուանեն Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը, քանի որ միակն է, որ ունի գործող եկեղեցի եւ պաշտօնապէս գրանցուած է որպէս քրիստոնէական հայկական համայնք: