image

Լոս Անճելըսի մէջ. Ապրիլը Հայկական ժառանգութեան ամիս հռչակելու առթիւ՝ մեծարուեցան երեք հայեր

Լոս Անճելըսի մէջ. Ապրիլը Հայկական ժառանգութեան ամիս հռչակելու առթիւ՝ մեծարուեցան երեք հայեր

Լոս Անճելըս գաւառին կողմէ Ապրիլը Հայկական ժառանգութեան ամիս հռչակելու որոշումին առիթով, գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըր 30 Ապրիլին մեծարեց երեք հայեր՝ Նայիրի Տէրտէրեան, տոքթ. Վարդան Թաշճեան եւ Թալին Եագուպեան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ ՝

Արարողութեան ընթացքին, Պարկըր կարեւոր նկատեց հայկական մշակոյթը եւ հայութեան ներդրումները լուսարձակի տակ առնելը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելուն զուգահեռ։

Նայիրի Տէրտէրեան վերջին 30 տարիներուն ընթացքին կեդրոնական դերակատարութիւն ունեցած է ՀՕՄի մէջ, համակարգելով կազմակերպութեան մարդասիրական աշխատանքները։ Այդ նպատակով, ան Ապրիլ 2022ին Արցախ, իսկ 2020ի Նոյեմբերին՝ Լիբանան այցելած էր։

Յատկապէս կարիքաւորներուն օժանդակութեան հասնող նուիրեալ բժիշկ Վարդան Թաշճեան հիմնադիրն է Byblos Babies կեդրոնին եւ համահիմնադիրը՝ Հայկական համաշխարհային բժշկական համախմբումին եւ զաւակն է Ցեղասպանութենէն վերապրածներու։ Ան նաեւ հեղինակ է բանաստեղծութիւններու եւ ինքնակենսագրական հատորի մը։

Թալին Եագուպեան պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է Ամերիկայի Հայական համագումարին, Հայ-Ամերիկեան թանգարանին, Համահայկական հիմնադրամին եւ ՀԲԸՄի մէջ եւ մաս կազմած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման միացեալ մարմինին։ Ան կը դասաւանդէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին «Կուլտ» իրաւաբանական բաժանմունքին մէջ։