Երուսաղէմի Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը կազմակերպած է ամենամեայ աւանդոյթ հանդիսացող գարնանային պտոյտը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ՀԵՄ-ի դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
«Ուրբաթ եւ Շաբաթ, 2-3 Ապրիլ, 2021-ին տեղի ունեցաւ Միութեանս վարչութեան եւ Սկաուտական խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած Գարնանային պտոյտ մը, մասնակցութեամբ 35 սկաուտներու եւ արենուշներու՝ 16 տարեկանէն վեր։
Ուրբաթ օրը, կէսօրուայ ժամը 1-ին, միութեանս սկաուտները շարժեցան դէպի պտոյտին առաջին վայրը՝ Մար Սապաի վանքը, ուր մասնակիցները բացատրութիւն լսեցին վանքին մասին եւ սկսան քայլարշաւը՝ մօտ 3 կլմ. վանքին շուրջ։
Մար Սապաի վանքի այցելութենէն ետք սկաուտները ուղղուեցան դէպի Բանակավայր, ուր վրաններ լարեցին եւ ազատ ժամանակ ունեցան ընկերային խաղեր խաղալու։
Երեկոյեան բոլորն ալ ընթրեցին միասնաբար, արաբական ճաշ՝ «Զարպ», եւ խարոյկին շուրջ հաւաքուելով ուրախ մթնոլորտ ստեղծեցին, երգելով ժողովրդային եւ ազգասիրական երգեր։
Շաբաթ, առաւօտեան ժամը 3:30-ին բոլորն ալ պատրաստուեցան մասնակցելու երթի մը դէպի Մեռեալ Ծով՝ Ճիբերով, վայելելու արեւածագը: Առաւօտեան ժամը 4:30ին երթը սկսաւ եւ մօտ մէկ ժամ քշելէ ետք, մասնակիցները հասան Մեռեալ Ծովի լեռները:
Մօտ մէկ ժամ ետք բոլորն ալ դարձեալ ճիբերով վերադարձան դէպի բանակավայր, ճամբան բոլորն ալ առիթը ունեցան անապատի գեղեցկութիւնը տեսնել։
Բանակավայր հասնելէն եւ նախաճաշելէն ետք, պատրասուեցան վերադառնալու դէպի Երոուսաղէմ, հաճելի եւ անմոռանալի յիշողութիւններով։
Վարչութիւնը եւ Սկաուտական խորհուրդը ապագային կը նախատեսեն կազմակերպել զանազան պտոյտներ Միութեանս անդամ-անդամուհիներուն համար»։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել