image

Եթէ Ռուսաստանը չըլլար ... Մարկարիթա Սիմոնեանի գրառումը

Եթէ Ռուսաստանը չըլլար ... Մարկարիթա Սիմոնեանի գրառումը

RT-ի գլխաւոր խմբագիր Մարկարիթա Սիմոնեանը Telegram-ի իր ալիքին գրած է․

«Իւրաքանչիւր հայ, որ հիմա կը համարձակի քննադատել Ռուսաստանը, պէտք է երթայ ու կտրէ իր լեզուն:

Հայաստանի քաղաքացիները կրնան քննադատել միայն իրենց: Այն բանի համար, որ իշխանութեան բերին ազգային դաւաճան մը, որ վիճելով հայ ժողովուրդի միակ պատմական դաշնակցին հետ, նախադրեալներ ստեղծեց պատերազմի համար:

Ո՞ւր են անոր Սորոսը, Պետական քարտուղարութիւնը, Փենթակոնը, Մաքրոնը, ուրիշ ո՞վ կայ այնտեղ:

Անոնք քարտէզի վրայ չեն կրնար գտնել ձեզի: Նոյնիսկ Երեւանը չեն կրնար գտնել, ուր մնաց Ստեփանակերտը: Ալ ուր մնաց օգնեն:

Իւրաքանչիւր հայ պէտք է հասկնայ մէկ բան. Եթէ Ռուսաստանը չըլլար, ամբողջ Ղարաբաղը կրնար կորսուած ըլլալ արդէն յաջորդ շաբթուայ ընթացքին:

Ամբողջը:

Հարցուցէք Ղարաբաղի ղեկավարին»։