image

Թուրքիա. Բացայայտուած է «Դարու խաբէութեան»հեղինակ մանկամարդ դէմքով երիտասարդի գտնուած վայրը

Թուրքիա. Բացայայտուած է «Դարու խաբէութեան»հեղինակ մանկամարդ դէմքով երիտասարդի գտնուած վայրը

Թուրքիոյ մէջ 2 տարի առաջ 500 հազար քաղաքացի «խաբած» 25–ամեայ Մեհմետ Այտընի հետքերը թուրք ցանցահէնը (հաքըր) գտած է Պրազիլի մէջ։

Թրքական Cumhuriyet–ի փոխանցմամբ՝ թուրք հաքըր Մեսութ Ուչարը նշած է, որ կրցած է գտնել Մեհմետ Այտընի տեղը։ Ան պնդած է, որ Մեհմետ Այտընը կը գտնուի Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքը, իսկ անոր հեռախօսը բաւականին շատ գտնուած է Սան Փաուլոյի առեւտուրի կեդրոններէն մէկուն մէջ:

Նշենք, որ 25–ամեայ Մեհմետ Այտընը համակարգչային խաղ ստեղծած էր, որուն միջոցիաւ օգտատէրերը հեռակայ անասուններ կամ հաւ կը գնեն իրական փողերով։ Կազմակերպիչը այդ հաւեր կամ անասուններ գնողներուն խոստացած էր 220 տոկոս շահոյթ մէկ տարի անց՝ յայտարարելով, որ իրենց տուած գումարներով իրական անասնաբուծութեան կեդրոն կը կառուցուի եւ հիմնական շահոյթը պիտի գայ այդ կառոյցէն։

25–ամեայ երիտասարդը յաջողած է նման ձեւով հաւաքել մինչեւ 1 միլիառ տոլար եւ փախիլ Թուրքիայէն: