image

Առաջատար BBC կայանը դժուար օրեր կ՚ապրի

Առաջատար BBC կայանը դժուար օրեր կ՚ապրի

BBC հեռուստաընկերութեան համար դժուար ժամանակներ են երկրի իշխանութիւններու՝ մասնաւորապէս վարչապետ Ճոնսընի հետ լարուած յարաբերութիւններու պատճառով: Ըստ լրատուամիջոցի՝ իշխանութիւնները կը ձգտին խաղի կանոններ թելադրել, լրագրողներէն կը խուսափին եւ կը բարձրացնեն ընկերութեան ֆինանսաւորման ձեւը փոխելու հարցերը: Ամէն ինչ սկսած էր դեռ նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ, երբ Ճոնսընը կասկածի տակ դրաւ BBC-ին արտօնագրային վճարներ տալու անհրաժեշտութիւնը:

Ընդհանրապէս BBC-ի ֆինանսաւորման ու աշխատանքային սկզբունքներու համակարգը հաստատուած է թագաւորական կանոնադրութեամբ, եւ այն կրնայ փոփոխութիւններ կրել միայն 10 տարին անգամ մը: Այդ ժամկէտը կը լրանայ է 2027-ին, սակայն կառավարութիւնը կ'ուզէ  փոփոխութիւն իրականացնել հիմա:

Յիշեցնենք, որ BBC-ն հիմնական կը ֆինանսաւորուի արտօնագրային վճարներու միջոցով, որ կը կատարեն քաղաքացիները: Իսկ չվճարելը քրէական պատասխանատւութիւն կ'ենթադրէ: