Հալէպի մէջ երէկ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին զոհուած է հայ զինուոր ՝ Գէորգ Մկրտիչեանը: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւնը ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ Գ. Մկրտիչեան զոհուած է Սուրիոյ բանակին եւ Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման միջեւ «Շէյխ Նաժժար» ճակատին վրայ տեղի ունեցած թէժ մարտերուն ընթացքին: Նշեենք, որ Տահէշ անցնող 72 ժամերուն տարբեր ճակատներու վրայ ծանր գրոհներու կը ձեռնարկէ Սուրիոյ ազգային բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ: