image
Հրատապ լուրեր:

Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը կը վերանորոգուի

Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը կը վերանորոգուի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի վերանորոգման աշխատանքները սկիզբ առին 20 Օգոստոս 2019-ին եւ պիտի տեւեն շուրջ երկու ամիս։ Վերանորոգման ծախսերը ստանձնած են հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմի ազգայիններ Տէր եւ Տիկ. Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան շուրջ 25 տարիներուն ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով Մայր Տաճարը կ՚ենթարկուի ամբողջական վերանորոգման՝ բնականաբար յաճախակի առիթներով կատարուած բարեզարդման որոշ աշխատանքներու առընթեր։

Մայր Տաճարի վերանորոգման շրջանին Ս. եւ Անմահ պատարագները պիտի մատուցուին Տաճարին կից գտնուող դամբարանին մատրան մէջ։