image

«Պոխջան». Գրեց՝ Նաթալի Քէնտիրճեան

«Պոխջան».  Գրեց՝  Նաթալի Քէնտիրճեան

Այնճարի  հիմնադրութեան  80-ամեակին  առթիւ

Փոքր պայուսակ մը հանելով պահարանէն` կեսուրս յուզումնախառն աչքերով բացաւ զայն,  ու  հոն պահուած կային ձեռագործներ. առաջարկեց,  որ ընտրեմ նախասիրածս, որովհետեւ երկար տարիներ մասունքի պէս պահելէ ետք, հիմա այլեւս կ’ուզէր  զանոնք նուիրել իր սիրելի հարազատներուն:

Ուշադրութիւնս գրաւեց մեղմ գոյներով կարկտան կտոր մը, յայտնուեցաւ, որ «պոխջա» մըն էր եւ կը պատկանէր ամուսինիս մեծ մօրը:

Այս եղաւ միակ ընտրութիւնս այդ ձեռագործներէն. հոն կը տեսնէի ընտանիքի մը պատմութիւնը, գաղթական մուսալեռցիի ուրուագիծը, ուր հերոսները յաճախ նոյնն էին իրենց ճակատագրի ճանապարհով, եւ ահա Մարթա մեծ մայրիկին պատմութիւնը մեր ազգի յիշողութեան վկան կը դառնար:

Մարթան ի՜նչ մեծ խնամքով կարած էր զայն: Ձմրան պաղ օրերուն, երբ տունէն դուրս շատ բան կարելի չէր ընել, իր բոլոր տնային գործերը ամբողջացնելէ ետք` հաց թխել, ճաշ եփել, լուացք ընել, անասունները կերակրել, պիտի նստէր իր տաքուկ անկիւնը` կրակարանին առջեւ եւ կարէր` երգ մը մրմնջելով: Այս իր հանգիստի պահն էր,  պոխջան պիտի ամբողջանար խնամքով, գեղեցիկ կտորի մը վերածուելով: Եւ դարձեալ նոյն այս պոխջան էր, որ ճամբայ պիտի ելլէր գաղթական Մուսա Լեռէն եւ հասնէր Այնճար, անբաժան մնար դաժան Այնճարի առաջին օրերուն.  Մարթան յաճախ պիտի կարկտէր անոր փտած տառապալից կտորները` ճիշդ իր կեանքին նման, չարչրկուած, բայց միեւնոյն ատեն` յոյսով ներշնչուած, կեանքէն ակնկալելով լաւագոյնը, տոկալով եւ պահելով ընտանիքը կանգուն,  դարձեալ վերաշինելու  տաքուկ, ջերմ, սիրալիր բոյնը:

Այսօր այս պոխջան պահելն ահա կը դառնայ ինծի համար սիրոյ արտայայտութիւն եւ պատմութիւն, եւ պատմութիւնը պահել կը թուի պայքարի ճանապարհ` նշելով ընտանիքը, նշելով իրենց յիշատակները, պահելով մշակոյթը, որ ունի արմատներ եւ ունի «ԵՐԿԻՐ»:

 

 

Նաթալի Տէր Ստեփանեան- Քէնտիրճեան

«Ազդակ»