image

Հրատարակուած է. Արմատներով Այնճարցի Լիմ Քէնտիրճեանի անգլերէն հատորը

 Հրատարակուած է. Արմատներով Այնճարցի Լիմ Քէնտիրճեանի անգլերէն հատորը

Օրերս Միացեալ Նահանգներու մէջ հրապարակուած է բնիկ Այնճարցի (բնականաբար՝ Մուսալեռցի) Լիմ Քէնտիրճեանի անգլերէն հատորը։ 

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Այնճարի հայկական համայնքի լուրերը տարածող «Մուսա լեռ- Այնճար» էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Հրատարակուեցաւ պարմանուհի Լիմ Քէնտիրճեանի Անդրանիկ գիրքը՝ Journey to Royal Destiny 

Լիբանանահայ պարմանուհի՝ 13-ամեայ Լիմ Քէնտիրճեան, փոքր տարիքէն մեծապէս սիրեց ընթերցանութիւնը, մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց գիրի ու գրականութեան նկատմամբ։ Իր այս սիրոյ եւ հետաքրքրութեան արդիւնքը եղաւ իր կողմէ գրուած գիրքը՝ Journey to Royal Destiny խորագիրով, որուն մէջ կ՛արտացոլան Լիմին գրական շունչն ու երեւակայութեան թափ տալու կարողութիւնը։ 

Մհեր եւ Դալար Քէնտիրճեաններու անդրանիկ դստեր՝ Լիմին այս գիրքը լոյս տեսաւ Young Author Academy հրատարակչատան կողմէ։ Անիկա գիտաերեւակայական է եւ շատ հետաքրքրական ոճով կը պատմէ գիրքին հերոսուհիին՝ Այվիին տիեզերական արկածախնդրութիւններուն մասին, որոնք Լիմի գրիչէն ծնունդ առած են։ Լիմ Քէնտիրճեանի փոքր տարիքէն իսկ հրատարակուած այս գիրքը կը յուշէ, որ եթէ ան շարունակէ այս ուղին, գրականութեան մէջ պիտի կարենայ դնել իր դրոշմը։ 

Յաջողութիւն կը մաղթենք Լիմին, բեղուն գրիչ եւ անսահման երեւակայութիւն։ 

Գիրքը կարելի է գնել Amazon.com-էն։