image

Ազրպէյճանի մէջ Կիւլէնի հետեւորդներուն գործունէութիւնը կասեցնելու աշխատանքներ կը տարուին

Ազրպէյճանի մէջ Կիւլէնի հետեւորդներուն գործունէութիւնը կասեցնելու աշխատանքներ կը տարուին

Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական բաժինի ներկայացուցիչ Պեհրուզ Հասանով յայտարարած է, թէ Ազրպէյճան իր կարելին կ'ընէ երկրին մէջ թուրք այլախոհ քարոզիչ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի հետեւորդներուն գործունէութիւնը կասեցնելու համար:

«Ազրպէյճանի մէջ լուրջ պայքար կը տարուի արմատական կրօնական խմբաւորումներու դէմ: Չենք ուզեր պատկերացնել, թէ ի՛նչ պիտի կատարուէր թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ, եթէ Յուլիս 15ի յեղաշրջումը յաջողէր», -ըսած է Հասանով:

Նախապէս, կիւլենական Հայաթի Քիւչիւք թրքական «Սապահ» թերթին պատմած էր, որ Ազրպէյճան գտնուող կիւլէնական շարժումի ներկայացուցիչը անձամբ հեռաձայնած է ամերիկաբնակ Կիւլէնին եւ բողոքած, թէ Ալիեւի վարչակարգը ամէն կերպով կը փորձէ խոչընդոտել իրենց աշխատանքը: Անոր ի պատասխան, Կիւլէն բացագանչած է. «Թող չստիպեն, որ զիրենք Կասպից ծով նետեմ»: