Վայոց ձորի մարզի Խաչիկ գիւղի ղեկավարի խնդրանքով Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութիւնը հետեւած է տեղի գիւղատնտեսական աշխատանքներուն՝ անոնց անվտանգութեան զգացողութիւնը ամրապնդելու համար:
«Մենք կը շարունակենք ամէնօրեայ պարեկային շրջայցերը Հայաստանի մէջ՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանի երկայնքով։ Մեր դիտորդները կը հաղորդեն, որ երկրի սահմանային շրջաններուն մէջ հանգիստ իրավիճակ է»,- ըսուած է Եւրոպական Միութեան առաքելութեան X-ի էջին տեղադրուած յայտարարութեան մէջ։