Նիւ Եորքի ոստիկանութիւնը շաբաթ ձերբակալած է Մինեապոլիսի մէջ սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութենէն ետք բռնկած զանգուածային անկարգութիւններու 345 մասնակից: Այս մասին կը յայտնէ CNN-ը:
Ըստ հեռուստաալիքի տուեալներու՝ ոստիկանութեան 33 աշխատակից վնասուածքներ ստացած է անկարգութիւններու ընթացքին, ինչպէս նաեւ վնասուած է 47 ոստիկանական մեքենայ:
Նիւեորքեան ոստիկանութեան ղեկավարը կիրակի յայտնած է, որ «հպարտ է» այն հանգամանքով, թէ ինչպէս իր ենթակաները իրենց դրսեւորած են զանգուածային անկարգութիւններու ժամանակ: Վերջինս ընդգծած է, որ խօսքը ոստիկանութեան դաժանութեան դէմ բողոքի խաղաղ ցոյցի մասին չէ: «Այդ ամբոխ էր, որ կը փորձէր օգտուիլ ստեղծուած իրավիճակէն եւ միտումնաւոր կերպով քաոս եւ աւերածութիւններ տարածել»,- ըսած է ոստիկանապետը: