image

Մեծ թիւով «Տահէշ»ի ահաբեկիչներ յանձնուած են քիւրտերուն

Մեծ թիւով «Տահէշ»ի ահաբեկիչներ յանձնուած են քիւրտերուն

Մեծ թիւով «Տահէշ»ի ահաբեկիչներ երէկ յանձնուած են քրտական դեմոկրատական ուժերուն: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Ալ-Ժատիտ» կայանը, նշելով, որ յատկապէս վերջին օրերուն 500-է աւելի ահաբեկիչներ հեռացած են Սուրիոյ Ալ-պահուզ շրջանէն եւ 150-է աւելի ահաբեկիչներ յանձնուած են քրտական ջոկատներուն:

Իր կարգին քրտական դեմոկրատական կուսակցութեան պատասխանտուներ յայտարարած են,որ Պահուզի շուրջ մարտերը կը շարունակուին եւ մինչեւ այս պահը մեծ թիւով ահաբեկիչներ կան այդ շրջանին մէջ:

Նոյն լուրին վերաբերեալ միջազգային մէկէ աւելի լրատուական գործակալութիւններ յայտարարած են, որ այսօրուայ դրութեամբ Պահուզ շրջանը կը համարուի ահաբեկիչներու վերջին կարեւոր թաքստոցներէն մէկը: