image
Հրատապ լուրեր:

Ֆարիտտուն Շամսուտտին, Ապտուլլո, Մուհամմատ եւ Ռաճապ Ալիզատէ. Ինչ յայտնի է «Քրոքուսի» ահաբեկիչներու մասին

Ֆարիտտուն Շամսուտտին, Ապտուլլո, Մուհամմատ եւ Ռաճապ Ալիզատէ. Ինչ յայտնի է «Քրոքուսի» ահաբեկիչներու մասին

Մոսկուայի ահաբեկչութիւնն իրականացնողներու ձերբակալութեան տեսանիւթերն ու անոնց խօսքը վերլուծելով, Ռիա Նովոսթին որոշակի եզրայանգումներու հասած է անոնց մասին։

Բոլորը շատ վատ կը խօսին ռուսերէն (կամ կը ձեւացնեն, թէ վատ կը խօսին), իսկ մէկը տաճկերէնով կը հաղորդակցի թարգմանիչի միջոցով։

Ահաբեկչութիւնն իրականացուած է «գումարի դիմաց»։ «Առանց անուն-ազգանունի» անձը Թելեկրամով կապ հաստատած է իր հետ՝ անուանելով զինք «քարոզիչի օգնական»։ Ձերբակալուածը չէ կրցած յստակ գումար նշել, սկիզբը ըսած է, որ իրեն խոստացած են կէս միլիոն ռուբլի, ապա «մօտ մէկ միլիոն»։

Քարոզիչի անունը չի նշուիր, սակայն ահաբեկիչներէն մէկը խոստովանած է, որ լսած է անոր «դասերն ու քարոզները»։

Նշուած է Թուրքիան, ուրկէ 2,5 շաբաթ առաջ վերադարձած է ահաբեկիչներէն մէկը։

Ահաբեկչութեան վայրի չափագրումները տրամադրած է «քարոզիչի օգնական»-ը, կազմակերպիչները տրամադրած են զէնք՝ «Քալաշնիքով» ինքնաձիգներ։

Ահաբեկիչները միասին ապրած են Մոսկուայի հիւսիսը գտնուող իջեւան մը։ Չորսէն առնուազն երկուքը հանդիպած են միայն «10-12 օր առաջ»: