image

Հայազգի Կարրի Գասպարովի անունը Ռուսիոյ «ահաբեկիչներու եւ ծայրայեղականներ»ու ցուցակին մէջ

Հայազգի Կարրի Գասպարովի անունը Ռուսիոյ «ահաբեկիչներու եւ ծայրայեղականներ»ու ցուցակին մէջ

«Ռոսֆինմոնիթորինկ»-ը ճատրակի աշխարհի նախկին ախոյեան Կարրի Գասպարովը (Ռուսիոյ արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ ճանչցուած է օտարերկրյա գործակալ) ներառած է ծայրայեղականներու եւ ահաբեկիչներու ցուցակին մէջ։

Այս մասին յայտնած է rbc.ru-ն:

Անոր անունը գրանցուած է վարչութեան կայքի գրանցամատեանին մէջ։ Օրէնքի համաձայն՝ գրանցամատեանին մէջ ընդգրկուելէ ետք դրամատուները պէտք է դադրեցնեն անոր հաշիւներու սպասարկումը եւ սառեցնեն անոր դրամական միջոցները։

Գասպարովը Ռուսիա չապրիր: Նախապէս Ռուսիոյ ընդհանուր դատախազութիւնը անցանկալի յայտարարած էր անոր հիմնադրած քանի մը կազմակերպութիւններ: