image
Հրատապ լուրեր:

«Արժանապատւութիւն» պլոքը կ'ողջունէ եւ կը դժգոհի

«Արժանապատւութիւն» պլոքը կ'ողջունէ եւ կը դժգոհի

Երէկ տեղի ունեցած զարգացումներուն լոյսին տակ, Ֆայսալ Քարամէի գլխաւորած եւ Թրիփոլին խորհրդարանին մէջ ներկայացնող «Արժանապաւութիւն» պլոքը ողջունած է երկրի Սահմանադրական դատարանի որոշումը՝ Տիմա Ժամալին երեսփոխանական աթոռէն զրկելու կապակցութեամբ:

Աւելի ուշ, պլոքը գումարած է արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին յայտարարած է, որ իրենք դժգոհ են Սահմանադրական դատարանի որոշումի երկրորդ բաժնէն, որուն հիմամբ ներկայիս Թրիփոլիի հինգերորդ սիւննի աթոռը պիտի մնայ թափուր, մինչեւ նոր ընտրութիւններու կայացում:

Պլոքը նաեւ նշած է, որ իրենք պիտի մասնակցին ընտրութիւններուն եւ որդեգրած են Թահա Նաժիի թեկնածութիւնը:

Յիշեցնենք, որ սիւննի աթոռին համար պայքար մղող Թահա Նաժի եղած է այն անձնաւորութիւը, որ դիմում ներկայացուցած է Սահմանադրական դատարանին եւ պահանջած Տիմա Ժամալիի երեսփոխանական իրաւունքներէն զրկումը: