image

Փաշինեան դարձեալ պիտի ուղարկէ Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնանկ ընելու օրինագիծը

Փաշինեան դարձեալ պիտի ուղարկէ Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնանկ ընելու օրինագիծը

 Նիկոլ Փաշինեան  գրառում մը կատարելով  յայտարարած է, որ դարձեալ  նախագահին պիտի ուղարկէ ՀՀ ԶՈՒ Գլխաւոր Շտաբի պետ զօր. Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնանկ ընելու օրինագիծը։

 

 

 Փաշինեան նաեւ ժողովուրդին խոստացած է, որ այս եւ բոլոր զարգացումներուն մասին պիտի խօսի «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ։

 

 Յիշեցնենք, որ Հայաստանի նախագահը  այսօր մերժած էր ստորագրել Փաշինեանի կողմէ Օննիկ Գասպարեանի հրաժարականը պահանջող օրինագիծը։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ Փաշինեան  5 օր ունէր   արձագանգելու նախագահի  քայլին,  սակայն  ան    յարմար  նկատած է  արագ  արձագանգելու ընտրանքը։