Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամմետ պըն Սալմանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան քննարկած է միջազգային եւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Իրանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները, հաղորդած է Eurasia Today-ը։
Ան ընդգծած է կառավարութեան հիմնարար մօտեցումը ներքին եւ տարածաշրջանային քաղաքականութեան նկատմամբ։
Փեզեշքիան նշած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կառավարութեան մօտեցումը հիմնուած է ժողովուրդներու եւ կրօնական համայնքներու միասնութեան ու ամբողջականութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ ազգային համախմբուածութեան ամրապնդման վրայ։
Տարածաշրջանային առումով, անոր խօսքով, Թեհրանը կը ձգտի զարգացնել բարեկամական յարաբերութիւններ եւ ընդլայնել համագործակցութիւնը իսլամական երկիրներու հետ՝ հիմնուելով իսլամական եղբայրութեան սկզբունքներուն վրայ։
Իր հերթին, Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամմետ պըն Սալման ընդգծած է, որ իր երկիրը անընդունելի կը նկատէ Իրանի դէմ որեւէ ոտնձգութիւն, սպառնալիք կամ լարուածութիւնը սրելու փորձ։
Ան նաեւ յայտնած է Սէուտական Արաբիոյ պատրաստակամութիւնը՝ համագործակցելու Իրանի եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու հետ՝ երկարատեւ խաղաղութիւն եւ կայուն անվտանգութիւն հաստատելու համար։