image

Փաշինեան Արման Պապաճանեանի, Սուրէն Սահակեանի ու Գոռ Յակոբեանի հետ քննարկած է արտահերթ ընտրութեանց հարցը

Փաշինեան Արման Պապաճանեանի, Սուրէն Սահակեանի ու Գոռ Յակոբեանի հետ քննարկած է արտահերթ ընտրութեանց հարցը

 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կը շարունակէ խորհրդակցութիւնները քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ:

 

Վարչապետը երէկ առանձին հանդիպած է «Յանուն Հանրապետութեան» կուսակցութեան ղեկավար մարմնի ներկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արման Պապաճանեան եւ «Քաղաքացիի որոշում» սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութեան գործադիր մարմնի անդամներ՝ Սուրէն Սահակեանի ու Գոռ Յակոբեանի հետ:

Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած է 2021 թուականին խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու անցկացման հարցը: Վարչապետը լսած է կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու կարծիքներն ու դիրքորոշումները: